Print
Category: Հայ Դատ

«Մինսկի խումբի համանախագահները դժբախտաբար ճիշդ որակում չեն տար հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով Ատրպէյճանի սադրիչ յարձակողական գործողութիւններուն վրայ, եւ ինչ-որ տեղ խրախուսելով Ատրպէյճանին՝ կը մեծցնեն ապակայունացման վտանգը տարածաշրջանէն ներս»:

Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ երէկ, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանը, քննարկելով Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման գծով կատարուած յայտարարութիւնները: