Ինչպէս մեր նախորդ թիւերով նշեցինք, Եւրոպական դատարանի վճիռին մէջ ըսուած է. «1915ին եւ յաջորդող տարիներուն՝ Հայաստանի մէջ գործուած բարբարոսութիւնները ցեղասպանութիւն որակելու ժխտումը պատժելու անհրաժեշտութիւնը չէ ապացուցուած»:
Ժխտողականութեան ցնցիչ «հաստատում», այս ալ եւրոպական պաշտօնական բարձրագոյն կառոյցէ մը։ Հետաքրքրական է նկատել, թէ դէպքերու վայրը յիշատակուած է որպէս «Հայաստան», ինչ որ թերեւս կրնայ իրաւաբանականօրէն այլ ճամբաներ բանալ Հայկական դատի պաշտպաններուն առջեւ:
Ինչպէս գրած էինք, Եւրոպական ատեանը իր որոշումը առած է գլխաւորապէս հիմնուելով արտայայտութեան ազատութեան սկզբունքին վրայ: Իր վճիռին մէջ այս մասին կ'ըսէ. «Ատեանը կը յիշեցնէ, որ զգայուն եւ դժգոհութիւն պատճառելու հակամէտ հարցերու շուրջ բացէ ի բաց ու ազատօրէն վիճարկելու իրաւունքը արտայայտութեան ազատութեան հիմնական բաղադրիչներէն է, եւ թէ ան կը զանազանէ ժողովրդավար, հանդուրժող եւ բազմակարծիք ընկերութիւն մը՝ ամբողջատիրական եւ բռնատիրական վարչակարգէ մը»:
Գալով «ցեղասպանութիւն» եզրին, ատեանին համար ան «սեղմ գիծերու մէջ բնութագրուած իրաւաբանական ըմբռնում մըն է, որու փաստը բերելը դժուար է»: Ատեանին կարծիքով, Փէրինչէք երբեք չէ հերքած ջարդերը եւ տարագրութիւնները։
Հետաքրքրական է նաեւ այն նշումը թէ Փերինչէք երբեք արհամարհական արտայայտութիւն չէ ունեցած դէպքերու զոհերուն նկատմամբ: Դատաւորները նաեւ յատուկ փութկոտութիւն ցուցաբերած են պատմական այլ դէպքերու ժխտումը Ողջակիզումի ժխտումին հետ չշփոթելու համար: Արդարեւ, ըսուած է. «Այդ դատավարութիւններուն դիմողները ժխտած էին երբեմն շատ շօշափելի պատմական դէպքեր, ինչպէս օրինակ, կազի սենեակներու գոյութիւնը: Կը ժխտէին նացիական վարչակարգին կողմէ գործուած ոճիրներ, որոնք իրաւաբանական յստակ հիմք ունէին» եւ որոնք «յստակօրէն հաստատուած էին միջազգային օրէնսդրութեան կողմէ»:
Վտանգաւորը այն է թէ Սթրազպուրկի դատարանին կողմէ Դեկտեմբեր 17ին արձակուած վճիռը կրնայ խիստ բացասական հետեւանքներ ունենալ նաեւ Ֆրանսայի կառավարութենէն ակնկալուող ժխտողականութեան պատժելիութեան օրինագիծին ճակատագրին վրայ:
Ի՞նչ պէտք է ըլլայ յաջորդ հանգրուանը
Կարեւոր է նշել թէ Զուիցերիա երեք ամսուան պայմանաժամ մը ունի բողոքելու համար այս վճիռին դէմ: Ուրեմն հասկնալի է թէ հայութեան համար նման անընդունելի վճիռ պէտք է բողոքներու ենթարկուի։ Այս բողոքներու պաշտօնական ճամբան կրնայ գալ նաեւ Զուիցերիայէն։
Նշենք, որ վճիռէն ետք Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութիւնն ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր գլխաւորաբար կþըսուի թէ մարդկային արժանապատուութիւնը Զուիցերիոյ համար պէտք է նախապատուութիւն մնայ:
Յիշեցնենք նաեւ, թէ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ անցեալ շաբաթ կայացած Ֆրանսահայերու հանդիպման անդրադառնալով, ֆրանսական «Լը Մոնտ» կը հաղորդէր, թէ հաւանական է Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ նոր օրինագիծ մը մշակել յառաջիկային։ Մեզի ծանօթ են ֆրանսացի նուիրուած երեսփոխաններու ջանքերը այս ուղղութեամբ։ Կը մնայ ուշադիր ընթանալ, համակարգելով Հայ Դատի պաշտպաններու ճիգերը, միջազգայնօրէն ճշդուած իրաւական անժխտելի գետնի վրայ։ Մի քանի ամիս առաջ էր, որ «Ազատ Օր»ին շնորհած իր հարցազրոյցին մէջ, ֆրանսացի երեսփոխանուհի տիկին Վալերի Պուայէ կը շեշտէր, թէ աւելին կը սպասուի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ նոր օրինագիծի ընդունման մասին խոստումներ տուած էր ֆրանսահայութեան։
Ֆրանսահայ համայնքը ինչպէս եւ ամբողջ հայութիւնը խոր ընդվզում կþապրի Եւրոպական ատեանի տուեալ որոշումի լոյսին տակ։ Այսուհանդերձ այս դէպքը պէտք է դիտել որպէս մէկ փաստ եւս, թէ հանգիստ պէտք չէ դիտել մինչեւ հիմա յաջողուած մեր նուաճումները, այլ աչալուրջ հսկել, շարունակելով պահանջատիրական մեր պայքարը։
«Ա.Օ»