Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ընտրական խոստումին հիմամբ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը պիտի ներկայացնէ:
Սակայն դիւանագիտական պատճառներով Յունուար 2014-ին նախատեսուած Հոլլանտի Թուրքիա այցելութենէն առաջ այս առնչութեամբ պաշտօնապէս ոչինչ պիտի յայտարարուի:
Նշեալ յայտարարութիւնը կրնայ կատարուիլ չորս ամիս ետք՝ Մայիս 2014-ին Հոլլանտի Հայաստան այցելութեան ընթացքին: Օրաթերթը կը նշէ, որ նախագահը այդ այցելութիւնը հաստատած է 16 Դեկտեմբերին՝ ֆրանսայութեան ներկայացուցիչներուն հետ Էլիզէի պալատին մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: