Print
Category: Հայ Դատ

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը, 17 Դեկտեմբեր 2013-ի իր վճիռով հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ:

Ըստ անոր, Լօզանի դատարանի 2007-ի վճիռը՝ Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Տօղու Փերինչէքի դէմ, հարուած է ազատ խօսքի իրաւունքին: Փերինչէք իբրեւ ժխտողական դատապարտուած էր զուիցերիական դատարանին կողմէ:
Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ այս վճիռը, որ այնքան վտանգաւոր է եւ ուղղակի զօրակցութիւն է Եւրոպայի տարածքին Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ ղեկավարուող ժխտողականութեան հոսանքին եւ յաւելեալ ճամբայ կը բանայ անոր դիմաց: Անգամ մը եւս պահուըտելով ազատ խօսքի իրաւունքին ետեւ՝ օրինակ առնելով Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի մօտեցումը, եւրոպական դատարանը իր տխրահռչակ այս որոշումով կ’ոտնահարէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ յաջորդական սերունդներուն արժանապատուութեան իրաւունքը:
Այսուհետեւ հայութիւնը, որուն այս իրաւունքը կը զլացուի, պիտի չկարենայ Եւրոպայի մէջ գտնել օրէնքով սահմանուած իր պաշտպանութիւնը: Առանց այս հիմնական իրաւունքին, ոչ մէկը կրնայ ուրեմն հաստատել, թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ հայութեան հետագայ քայլերը եւ միջոցները‘ իրաւական ինքնապաշտպանութեան փնտռտուքի այս հոլովոյթին մէջ: Իսկ միւս կողմէ, տխրահռչակ այս որոշումը անպայմանօրէն պիտի գօտեպնդէ եւ յաւելեալ ներուժ պիտի տայ թրքական ծայրայեղական շարժումներուն ու զուգահեռաբար պիտի հարուածէ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ բարձրացող արդար ձայներուն:
Աւելի՛ն: Եւրոպական դատարանը յայտարարելով, որ «ցեղասպանութիւն եզրը միաձայնութիւն չի վայելեր», ուղղակիօրէն կը նոյնանայ Փերինչէքի ժխտողական այն յայտարարութեան հետ, ըստ որուն՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»: Այս նոյնանման մօտեցումը անընդունելի է ու խստիւ դատապարտելի: Ու տակաւին, նոյնքան դատապարտելի է եւրոպական դատարանի այն զգայացունց մօտեցումը, ըստ որուն՝ «պէտք է տարբերել այս հարցը՝  հրեաներու Ողջակիզման դէմ ժխտողականութենէն»: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ նման տարբերակում՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց բարձրագոյն դատարանին կողմէ:
Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը, Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Պրիւքսէլի Գրասենեակին հետ գործակցաբար, իր բոլոր կարողականութիւնը պիտի դնէ եւրոպական դատարանի անընդունելի այս որոշումին դէմ: Զուիցերիա երեք ամսուան ժամանակամիջոց ունի բողոքելու եւ վերատեսութեան պահանջ ներկայացնելու եւրոպական դատարանին: Այս առումով, տեսակցութիւն պահանջուած է առաջին հերթին Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին հետ՝ ներկայացնելու համար մեր ակնկալութիւնները զուիցերիական իշխանութիւններէն: Համակարգուած այլ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ՝ Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով, ինչպէս նաեւ՝ պաշտօնական Երեւանի կողմէ, միացեալ ճակատ կազմելով այս արշաւին դէմ:

Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ Փարիզ
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ