Ինչպէ՞ս կարելի է Հայոց ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» որակել
Փերինչեք նիւթական վնասներու համար քսան հազար եւրօ եւ բարոյական վնասի համար 100 հազար եւրօ պահանջած էր, սակայն դատարանը երկու պահանջներն ալ մերժեց՝ դատելով, որ խօսքի ազատութեան ոտնահարման հաստատումը բաւարար է, դարմանելու համար գործուած սխալը
Երէկուայ մեր թիւով հաղորդեցինք Սթրազպուրկի մէջ տեղակայ-ւած Մարդկային Իրաւունքներու եւրոպական ատեանի վճիռի հարցը, Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքի դիմումին գոհացում տալու մասին:
Ինչպէս նշեցինք, ըստ եւրոպական դատարանին, Փերինչեք Հայոց ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» որակելով իրաւունքի չարաշահում չէր գործած: Դատարանը կը յիշեցնէ, որ «նուրբ եւ դժգոհութիւն պատճառելու հակամէտ հարցերը հրապարակաւ քննարկելու իրաւունքի գործադրումը խօսքի ազատութեան հիմնական երեւոյթներէն մէկն է»:
Դատարանը կասկած յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ ընդհանուր համախոհութիւն մը գոյութիւն ունի: Միջազգային ընտանիքը կազմող 190 երկիրներէն միայն շուրջ քսան երկիրներ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են:
Դատարանը այս հարցը յստակ կերպով կը զատորոշէ Ողջակի- զումի ժխտումէն՝ նշելով, որ վերջինիս պարագային զայն ժխտողները պատմական երբեմն շատ շօշափելի տուեալներ հերքած են, ինչպէս՝ կազի սենեակներու գոյութիւնը:
Դատարանը կը յիշեցնէ, որ Փերինչեք Լոզանի մէջ դատապարտուած էր, սակայն Պեռն-Լոփեն դատարանը զինք անպարտ արձակած էր: Դատարանը նաեւ յղում կը կատարէ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին, որ Փետրուար 2012-ին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման օրէնքը հակասահմանադրական յայտարարեց:
Իբրեւ եզրակացութիւն դատարանը վճռած է, որ զուիցերիական իշխանութիւններուն կողմէ Տողու Փերինչեքի դատապարտման համար օգտագործած դրդապատճառներուն բոլորը պատշաճ չեն եւ ընդհանուր առմամբ անբաւարար են:
Դատապարտումը չէր համապատասխաներ «ընկերային հրատապ պահանջի մը» եւ 1915-ին ու յաջորդող տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած բռնարարքներու զոհերու ժառանգներուն պատիւն ու զգացումները պաշտպանելու համար: