Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝ անդրադառնալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութեան արդիւնքներուն,
«Երկիր»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը որոշ չափով հասաւ իր նպատակին՝ ցոյց տալ, որ կայ Հայաստան-Թուրքիա որոշ հոլովոյթ մը:
Մինչդեռ իրականութեան մէջ, ըստ Մանոյեանի, այսպիսի հոլովոյթ չկայ՝ դատելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաստատումէն, որ Հայաստան առանց նախապայմաններու կը պատկերացնէ այդ յարաբերութիւններու հաստատումը: Միաժամանակ, Տաւութօղլու կը շարունակէ խօսիլ նախապայմաններով, եւ այդ նախապայմաններուն մէջ կը մտնէ նոյնիսկ վրաց-աբխազական տագնապի հարցը:
Թուրքիա Տաւութօղլուի բերնով կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ, որ շրջանին մէջ բոլոր տագնապները լուծուած ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատել: Ան յայտնեց, որ ուղղակիօրէն յղում կայ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ, որ Տաւութօղլու ըսած է, թէ նաեւ վրաց-աբխազական խնդիրը պէտք է լուծուի, որ ընդհանրապէս շրջանին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, որպէսզի Հայաստանի հետ իրենք կարենան յարաբերութիւն հաստատել:
Ըստ Մանոյեանի, ասիկա աւելի եւս ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ համար արձանագրութիւնները ոչ մէկ արժէք ունին: Այսինքն՝ թէեւ արդէն ուշացած, բայց պատճառ մը եւս աւելցաւ, որ Հայաստանի կողմէ այդ արձանագրութիւնները դադրին գոյութիւն ունենալէ: Իսկ անոր համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստան իր ստորագրութիւնները յետս կոչէ արձանագրութիւններէն առանց այլ յապաղումի:
Մանոյեան յայտնեց, որ Տաւութօղլու Հայոց ցեղասպանութեան մասին ընդամէնը ըսած է տեղահանութիւն, իսկ անոր մէջ ոչ մէկ նորութիւն կայ:
Ինչպէս ներկայացուց Կիրօ Մանոյեան, տակաւին 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ այն ժամանակուան կառավարութեան որոշումը կար, որով Ցեղասպանութեան տեղահանութիւն կ՛ըսուէր:
«Անոր համար ան ոչ մէկ նոր բան ըսած է եւ շատ ետ կը մնայ այն ամէնէն, ինչ որ 1919-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դատավարութիւններուն ընթացքին ըսուած է: Այսինքն, որ պետութեան կողմէ հայ ազգաբնակչութեան բնաջնջելու ճիգ կար: Ինք անոր մասին չի խօսիր, այլ ընդհակառակն, կը փորձէ հաւասարութիւն գտնել, տեսնել ինչ կատարած է պետութիւնը հայերուն նկատմամբ եւ ինչ կատարուած է թուրքերուն կամ իսլամականներու նկատմամբ, ինչ որ, սակայն, հայերուն կողմէ չէ կատարուած: Ինք այդ անհաւասարութեան մէջ կը փորձէ հաւասարութիւն մտցնել», պարզաբանեց Կիրօ Մանոյեան:
Յիշեցնենք, որ Ահմեթ Տաւութօղլու Էդուարդ Նալբանդեանի հետ դռնփակ հանդիպումը ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ ընթացա բնորոշած է: Ան նաեւ նշեց, որ Երեւան ժամանած է վերջին այցելութենէն չորս տարի ետք՝ ընդգծելով այցելութեան կարեւորութիւնը նաեւ այդ տեսանկիւնէն:
«Թերթ.էյ.էմ» նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը թուրք լրագրողներուն յայտնած էր, թէ «1915 թուականին հայերու տեղահանութիւնը անմարդկային էր, եւ Թուրքիա երբեք չէ աջակցած»: