Print
Category: Հայ Դատ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայութիւնը կոչ կ՛ընէ Սպիտակ տան ու Քոնկրեսին, որ մնայուն եւ պատուաւոր տեղ մը յատկացնեն Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն պատրաստած ու Սպիտակ տան նուիրուած պատմական գորգին:

Այս շաբթուան ընթացքին «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը գրած էր, որ Սպիտակ տունը մերժած է գորգը «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ Դեկտեմբեր 16ին սկսելիք ցուցահանդէսին ցուցադրելու առաջարկը՝ անոր նախնական հաւանութիւն տալէ ետք: 

Գործը մօտաւորապէս 20 տարիէ ի վեր Սպիտակ տան պահեստարանին մէջ կը մնայ: Կային յոյսեր, թէ անիկա պիտի ցուցադրուի նշեալ հիմնարկին մէջ տեղի ունենալիք՝ Յակոբ Մարթին Տերանեանի կողմէ նոյն այդ գործին մասին գրուած հատորի ներկայացման ձեռնարկին ընթացքին: Գորգը 1925ին նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճի, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Ցեղասպանութեան օրերուն Ուաշինկթընի եւ ամերիկացիներու կողմէ հայութեան մատուցուած աջակցութեանց համար: 

Ըստ դոկտ. Յակոբ Տերանեանի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան որբերուն գործած գորգը ունի մօտաւորապէս 11.5 ոտքով 18.5 ոտք ծաւալ ու բաղկացած է 4,404,206 հանգոյցներէ: Մերձաւոր Արեւելքի ընկերակցութեան Ղազիրի որբանոցի հայ որբուհիները զայն գործած են մօտաւորապէս տասը ամսուան ընթացքին:

Սպիտակ Տան որոշումին դէմ արտայայտուելու եւ անոր փոփոխութիւնը պահանջելու համար, կարելի է այցելել  www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=62978086 կայքէջը:

 

Հիւսուած Գորգին Ստեղծած Գորդեան Հանգոյցը

Տեղին է մոռցուած էջեր վերստին թղթատել, կամ իր թաքնուած ու պահուած շտեմարանէն դուրս բերել պատմութիւն կերտած այս գորգն ու անոր ետին եղող տեղեկութիւնները:

Արդարեւ, իբրեւ երախտագիտութիւն, յարգանք եւ պարզապէս շնորհակալութիւն՝ ամերիկեան նպաստամատոյցին, որ Լիբանանի գիւղերէն՝ Ղազիրի մէջ հաստատած էր որբանոց մը, շուրջ հարիւր դեռատի որբ աղջնակներ գործի լծուած էին ամիսներ շարունակ եւ 1924-էն 1925-ի միջեւ հիւսած էին 18 ոտք երկարութեամբ եւ 12 ոտք լայնքով գորգ մը, որ պիտի ձօնուէր Սպիտակ տան:

Նկարազարդ է բոյսերով, ծաղիկներով եւ կենդանիներով հարուստ, Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզը ներկայացնող այս գորգը հիւսուած է չորս միլիոն հանգոյցով:

Ժամանակ խլած էին այդ հանգոյցները, որոնք վստահաբար թէ՛ քրտինքի, եւ թէ արցունքի կաթիլներով խոնաւութիւն պատճառած էին: Սակայն, անոնց համար այդ կաթիլները ուրախութիւն ու հրճուանք կը ստեղծէին: Անոնք գիտէին, թէ իրենց տրամադրած ժամն ու յոգնութիւնը ապարդիւն ու անտեղի չէին, այլ ձօն մըն է ուղղուած երկրի մը, որ օժանդակած էր իրենց նման անտէր ու անտիրականներու: Արդարեւ, այդ օրերուն Միացեալ Նահանգները, յանձին բազմաթիւ գործիչներու եւ ղեկավարներու, եղած էին անդրանիկ փաստագրողները այն մասին, թէ հայ մանուկներ ենթարկուած էին հրէշային ողբերգութիւններու եւ ահաւոր բռնարարքներու: Կատարուած էր ողջակիզում, ողջ թաղում, խեղդամահութիւն, ջրահեղձութիւն, առեւանգում, իսլամացում, քիմիական նիւթերով թունաւորում, շնչահեղձութիւն (բաղնիքներու մէջ տաք շոգիի միջոցաւ) սովամահ, ջրազրկումով մահ, բռնաբարում, աճուրդով վաճառք, հոգեկան           եւ մտային մնայուն խանգարումներ եւ անշուշտ որբացում:

Այս բոլորէն քաջատեղեակ էր եւ բնականաբար տեղի ունեցածին մօտէն հետեւած էր այդ որբանոցին տնօրէնը, անկեղծ հայրութիւն կատարած զուիցերիացի գթասիրտ «Փափա» Քիւնցլերը, որուն մտայղացումն էր նման գործի մը պատրաստութիւնը:

Սակայն այդ անմեղ որբերն ու նոյնինքն «Փափա» Քիւնցլեր չէին երեւակայեր, թէ անհաշիւ ժամեր խլած, աչքեր յոգնեցուցած այդ չորս միլիոն հանգոյցները գրեթէ դար մը ետք պիտի վերածուէին գորդեան հանգոյցի:

Հակառակ կատարուած առաջարկներուն, ցայսօր ապահով շտեմարանի մը մէջ պահուած գորգին ցուցադրութիւնը կը մերժուի:

… Հանգոյց մը, որուն ետին բազմաթիւ հարցադրումներ կը մնան անպատասխան եւ անհասկնալի:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»