
Ինչպէս հաղորդած էինք մեր նախորդ օրուայ թիւերով՝ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպահայութեան հաւաքը երկու նիստերով ընթացաւ։ Այսօրուան մեր թիւով կը մանրամասնենք յաջորդող նիստերու ընթացքին զեկուցաբերներու ելոյթները:
Պրիւքսելի Հայ Տան մէջ, Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբերի կէսօրէ ետքը կայացած առաջին նիստի նիւթն էր թուրք եւ ազերի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, որ ներկայացուեցաւ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանի եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներու Միութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Քամպեքի կողմէ, զրուցավարութեամբ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կողմէ Պետօ Տեմիրճեանի։
Զեկուցումներն ու զրոյցը կայացաւ եւրոպական կառոյցներու մօտ ազերի եւ թուրք լոպիներու կատարած աշխատանքին շուրջ, ուր յաճախակի են յարափոփոխ մօտեցումներով օտար քաղաքագէտներու կեցուածքները, որ պարտադրուած են իրենց անձնական թէ այլ շրջանակներու շահերէ:
Օտար շրջանակներու մօտ անհրաժեշտ թափանցման մարտահրաւէրը բացատրելով, դիտել տրուեցաւ թէ պէտք է համախմբել այն բոլոր ուժերը որ կը գիտակցին հայկական հարցերու վերաբերող իրավիճակի ճշմարտութեան, առողջ ու արդիւնաբեր գործակցութիւններ ապահովելով: «Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ամէնէն աշխուժ կազմակերպութիւնն է, որ եւրոպական կառոյցներուն մօտ յառաջ կը տանի հայութեան ու Հայաստանի շահերը» հաստատեց Քամպեք, աւելցնելով թէ արդիւնաբեր համագործակցութիւն կայ նաեւ դեսպանութեան հետ:
Ան համոզում յայտնեց թէ եւրոպական լայն շրջանակները կը գիտակցին հայութեան արդար պահանջքներուն, բոլոր բնագաւառներէն ներս:
Իր կարգին Հրաչ Վարժապետեան Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութեան ժխտման օրինագիծի մասին խօսեցաւ, բացատրելով դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ տիրող մթնոլորտը: Ան դիտել տուաւ թէ թուրք եւ ազերի շրջանակները միացած ուժերով կը պայքարին հայութեան դէմ, ապատեղեկատուութիւն տարածելով եւ ճնշումներ բանեցնելով:
Քննարկումները ընդգրկեցին նաեւ հայ նոր սերունդին, անոր դաստիարակութեան, ինչպէս եւ հայկական մամուլի վերապահուած մասին զրոյցներ:
Հայ Տան մէջ կայացած նիստի եզրափակիչ բաժնով, տեղ տրուեցաւ Եւրոպայի հայ գաղութներու իրավիճակին նուիրուած օրակարգին, որ ներկայացուցին Յունահայոց Ազգայն Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանը եւ Չեխիայի «Օրեր» ամսագրի խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը, զրուցավարութեամբ Պետօ Տեմիրճեանի: Տուեալ նիւթը երկար ուսումնասիրութիւններու արդիւնք էր: Երկու զեկուցաբերները ներկայացուցին ամիսներու վրայ երկարած իրենց աշխատանքի արդիւնքը, ուր ներառնուած էր 14 երկիրներու իրավիճակը (Արա Մանկոյեանի զեկոյց՝ արեւմտեան Եւրոպայի հայ գաղութներու մասին) եւ յաւելեալ 16 երկիրներ (Յակոբ Ասատրեանի զեկոյցը՝ արեւելեան Եւրոպայի հայ գաղութներու մասին):
Նկատի առնելով այս երկու ուսումնասիրութիւններու պարզած հետաքրքըրական պատկերը, հետագային մեր թերթի էջերէն յատուկ անդրադարձ պիտի կատարենք իւրաքանչիւր գաղութի վերաբերեալ:
Ջաւախքի հարցերու մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ Արտակ Գաբրիէլեանը, որ անդրադարձաւ տեղի հայութեան դիմագրաւած հարցերուն ու բարդ կացութիւններուն։ Կրթական խնդիրներ (ուր հիմնականօրէն պահանջք կը ներկայացուի Վրաստանի պետութեան, որ համալսարան ստեղծուի Ջաւախքի մէջ, որպէսզի երիտասարդներու մեկնումը կասեցուի), քաղաքական հիմնախնդիրներ, վարչատարածքային բաժանման հետեւանքով ստեղծուած կացութիւններ, տեմոկրաֆիք կազմի փոփոխութիւն, կրօնական խնդիրներ, Վրաստանի մէջ վիճելի եկեղեցիներու հարց (հիմա կը խօսուի վեց եկեղեցիներու մասին), սոցիալ տնտեսական խնդիրներ, եւ այլ հարցեր ներկայացուեցան ամփոփ զեկոյցին մէջ:
Ժողովին աւարտին Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան Սուրիահայութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց, նշելով ընդհանուր մտահոգութիւնը որ կը տիրէ հարցի եւ յատկապէս մեր հայրենակիցներու դիմագրաւած վտանգներուն նկատմամբ: Ան յորդորեց որ ժողովի աւարտին, երբ բոլորը կը վերադառնան իրենց երկիրները, զարկ տան ու վերաշխուժացնեն Սուրիահայութեան օժանդակութեան ի նպաստ տարուած աշխատանքը,հասնելու համար մեր հայրենակիցներու կարիքներուն։
Ան ընթերցեց Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմնոյ յատուկ նամակը, որ ուղղուած էր խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։
Ստորեւ նամակի բովանդակութիւնը.¬
Ուղղուած Եւրոպահայութեան Գ. համագումարին
Պրիւքսել
Սիրելի ազգակիցներ,
Ինչքան դժուար է քանի մը բառերով ու սահմանափակ նախադասութիւններով կարենալ ամփոփել աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, Սուրիական տագնապին պատճառով, սուրիահայութեան ապրած արհաւրալից օրերը։
Սուրիահայ համայնքի նման համայնք մը, որ հարիւրամեակ մը առաջ ապրած էր իր ազգի ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան դառնութինը, սակայն արիութեամբ տէրը կանգնած էր իր ազգային արժէքներուն՝ իր լեզուին, կրօնքին եւ մշակոյթին, անտարակոյս, որ այս դաժան պայմաններուն մէջ եւս պիտի տոկար, եւ տէրը պիտի կանգնէր իր պատմութեան, ժողովուրդին, հոգեւոր ու նիւթական արժէքներուն։
Տագնապի առաջին իսկ օրերէն Սուրիոյ մակարդակին եւ համահայկական մաշտապով հարցերու ու խնդիրներու քննարկման, եզրայանգման ու լուծման համար կազմուեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինս, որ հայահոծ շրջաններու մէջ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի, իր յառաջացուցած Գործադիր Մարմիններու ճամբով, ի գործ դրաւ առողջապահական, սննդեղէնի եւ բնակարանային վնասներու հատուցման օժանդակութեան ծրագիրները, միաժամանակ իր անմիջական նախաձեռնութեամբ օժանդակեց Սուրիոյ հայկական բոլոր կրթական օճախներուն։
Երկուքուկէս տարուան ընթացքին արձանագրուեցան տասնեակներով հայ զոհեր ու նահատակներ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր, նմանաթիւ առեւանգեալներ, ազգային, կրօնական, մշակութային թէ մարզական կառոյցներու վնասներ եւ անձնական ինչքերու կորուստներ։
Երկրի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու հետզհետէ վատթարացումով սաստկացան ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները։
Աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները անտարբեր չմնացին ու ընթացք առին սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները, որոնցմէ նաեւ Եւրոպայի հայկական համայնքներու օժանդակութիւնները։
Շնորհակալ ըլլալով հանդերձ օժանդակող բոլոր կողմերուն, կþարձանագրենք, որ մեր ապրած ծանր տագնապի երկուքուկէս տարուան ընթացքին, Մարմնիս հասած օժանդակութիւնները ¥որոնց գումարը նամակիս թուականին կը կազմէ մօտաւորապէս 1.700.000 ամերիկեան տոլար¤ շրջանի հայութեան կարիքները բաւարարող չէին։ Մեր դիմագրաւած ֆիզիքական եւ կենցաղային չափազանց դժուար պայմանները կը շարունակուին եւ օժանդակութիւններու անբաւարարութեան պատճառով մնացած ջնջին գումարը տնօրինելու լուրջ խնդիր ունինք այսօր։
Դժբախտաբար կացութեան բարեփոխման նշոյլները տակաւին երեւելի չեն դառնար, իսկ ազգիս զաւակներուն ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգները անբաղձալիօրէն կը ցցուին մեր դիմաց, ահազանգելով շտապօրէն օգնութեան փութալու անհրաժեշտութիւնը։
Այսօր, մեծ յուզումով, սակայն բարձր գնահատանքով կը դիտենք Եւրոպայի հայութեան Գ. համագումարի օրակարգերուն վրայ տեղ գտած սուրիահայութեան խնդրին եւ յանուն ժողովուրդիս բարօրութեան կը յուսանք, որ Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայութեան վիճակի իսկական պատկերը Համագումարդ իր տրամադրութեան ներքեւ ունենալով, կը ջանայ առաւելագոյնս իր նիւթական ներդրումը ցուցաբերել օժանդակութեան մեր աշխատանքներուն։
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ։
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ