Print
Category: Հայ Դատ

Ուրուկուէյի հանրայայտ քաղաքական գործիչ Լիպեր Սերենիի անուան հիմնադրամի կեդրոնը հրաւիրած էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեանը՝ դասախօսութիւն մը տալու «Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակը եւ ապագայի մարտահրաւէրներ» նիւթով:

Դասախօսութեան ներկայ էին հիմնարկի տնօրէն Ակուստին Քանսանի, իշխող Լայն ճակատ կուսակցութեան նախագահ Մոնիքա Սավիեր, նոյն կուսակցութեան ծերակոյտի անդամներէն եւ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ փրոֆ. Էնրիքէ Ռուպիօ, որոնք մաս կը կազմէին կլոր սեղանին, ուր դասախօսութենէն ետք տուին իրենց մեկնաբանութիւնները:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան, երեսփոխաններ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գաղութիս անդամներ:

Մ. Նալպանտեան իր դասախօսութեամբ ընդհանուր պատկեր մը տուաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակի մասին՝ զայն բաժնելով «Հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ Հարաւային Կովկասի մէջ» եւ «Ապահովութիւն եւ կայունութիւն արդար խաղաղութեան մը համար» խորագիրներուն:

Մ. Նալպանտեան նախ վերլուծական ակնարկով ընդհանուր պատկերով մը ներկայացուց Կովկասի շրջանի ռազմական նշանակութեան կարեւորութիւնը, ընդհանրապէս ուժանիւթի պաշարները եւ յատկապէս հզօր պետութիւններու շահագրգռուածութիւնը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անոնց որդեգրած շրջանային քաղաքականութիւնը: Նալբանդեան կեդրոնացաւ Հարաւային Կովկասը կազմող հանրապետութիւններուն՝ Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի վրայ՝ լուսաբանելով իւրաքանչիւր երկրի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ ժողովրդագրական կացութիւնը՝ այդ շատ զգայուն շրջանին մէջ:

Ապահովական գետնի վրայ Մարիօ Նալպանտեան կարեւոր նկա- տեց Արցախի հիմնահարցը՝ մանրամասնութիւններ փոխանցելով ներկայ հոլովոյթներուն մասին եւ շեշտը դնելով անոր արդար եւ քաղաքական լուծում մը գտնելուն վրայ: