Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման նախագիծը:
Քուէարկութենէն առաջ այս հարցով ելոյթ ունենալու դիմում կատարած են 36 անձեր, որոնց գերակշռող մեծամասնութիւնը յուշարձանը կառուցելու ի նպաստ արտայայտուած է:
Նաեւ 1093 հոգի խնդրագիր-դիմում ստորագրած է՝ զօրակցելով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին առիթով քաղաքին մէջ յուշարձան հաստատելու գաղափարին:
«Շատեր լաւապէս ծանօթ չեն Ապրիլ 24-ի հետեւանքներուն՝ Թուրքիոյ կառավարութեան վարած շարունակական ժխտողական քաղաքականութեան պատճառով: Այս յուշարձանը պէտք չէ միայն ոգեկոչէ անցեալի իրադարձութիւնները, այլ նաեւ պէտք է փարոս մը ըլլայ ապագայ սերունդներուն համար, որպէսզի անոնք չմոռնան ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ՝ բոլոր անոնք, որոնք անարդարութեան զոհ դարձած են», ըսած է Փասատինայի նախկին ոստիկանապետ Պառնի Մելիքեան, որ անդամ է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը կառուցելու նպատակով կազմուած յանձնախումբին:
Մինչ որոշ վեթերաններ յայտնած են, թէ «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ պէտք է ըլլան միայն ամերիկացի զինուորական զոհերու նուիրուած յուշարձաններ, քըննարկումներու աւարտին Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը կառուցելու որոշումին ի նպաստ քուէարկած են քաղաքապետական խորհուրդին բոլոր անդամները: Քննարկումին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ի նպաստ արտայայտուած են նաեւ այլ վեթերաններ:
«Կը կարծեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանը կենսական նշանակութիւն ունի համայնքին համար», ըսաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Թերի Թորնեք:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին համապատասխան արձանագրութեամբ նշեալ յուշարձանի նախագիծին հեղինակն է Քեթրին Մենարտ: Նախագիծին համաձայն, յուշարձանը պիտի ըլլայ 16 ոտք բարձրութեամբ եւ բոլորակաձեւ (28 ոտք տրամագիծով) հարթակով եռանկիւն ցայտաղբիւր մը, որմէ 21 երկվայրկեան անգամ մը մէկ կաթիլ ջուր պիտի ցայտի: Այդ արագութեամբ, մէկ տարուան ընթացքին աղբիւրին մէջ 1.5 միլիոն կաթիլ ջուր պիտի հաւաքուի՝ խորհրդանշելով Ցեղասպանութեան զոհերը: