Նշուած է, որ բանաձեւը Դամոկլեան սուրի պէս կախուած է Թուրքիոյ գլխուն եւ անոր ընդունման պարագային Թուրքիոյ մէջ հակաամերիկեան տրամադրութիւններու ալիքը պիտի բարձրանայ:
«Թուրք ժողովուրդը աւելի մեծ նշանակութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի բանաձեւերուն, քան աշխարհի այլ երկիրներու խորհրդարաններու բանաձեւերուն», ընդգծած է Մերճան:

Ըստ «Ուիքիլիքս» կայքէջին, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ճեֆրիի հետ թուրք երեսփոխաններու հանդիպման ժամանակ, Թուրքիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճան յայտարարած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը, Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները պիտի վատանան: Այդ հանդիպման մասին դեսպանական հաղորդագրութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկուած է 17 Փետրուար 2010-ին:
Դեսպանը նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը քոնկրեսի օրակարգային հարցերէն մէկն է, եւ անիկա անկախ մարմին է, ինչպէս Թուրքիոյ խորհրդարանը: «Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը երբեք չի գիտեր, թէ քուէարկութեան արդիւնքները ի՛նչ պիտի ըլլան: Յառաջընթացի ամէնէն լաւ ճամբան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բարելաւումն է, որուն մասին բազմիցս ըսած է նախագահ Օպամա», ընդգծած է դեսպանը:
Ըստ Մերճանի, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման կը խոչընդոտեն 2 գործօններ‘ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ Հայաստանի կողմէ «ատրպէյճանական տարածքներու գրաւումը»: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացնէ, քանի տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը չէ լուծուած: Ըստ անոր, ատիկա կատարելը կը նշանակէ Թուրքիոյ ռազմավարական շահերուն վնաս հասցնել:
Նշուած է, որ բանաձեւը Դամոկլեան սուրի պէս կախուած է Թուրքիոյ գլխուն եւ անոր ընդունման պարագային Թուրքիոյ մէջ հակաամերիկեան տրամադրութիւններու ալիքը պիտի բարձրանայ: «Թուրք ժողովուրդը աւելի մեծ նշանակութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի բանաձեւերուն, քան աշխարհի այլ երկիրներու խորհրդարաններու բանաձեւերուն», ընդգծած է Մերճան:
Փաստաթուղթին մեկնաբանութեան մէջ կը նշուի, որ թուրք խորհրդարաններու դիրքորոշումը կ՛արտացոլէ այն հիմնախնդիրները, որոնց կը բախի Թուրքիոյ կառավարութիւնը արձանագրութիւնները խորհրդարանին մէջ վաւերացման դնելու հոլովոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ վտանգը, եթէ քոնկրեսը ընդունի Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը կամ նախագահ Օպամա 24 Ապրիլի իր ուղերձին մէջ արտասանէ «Ցեղասպանութիւն» բառը: Կ՛ըսուի, որ եթէ Թուրքիա  կը ցանկայ կասեցնել ատիկա, ապա պէտք է առաջ երթայ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման գործին մէջ՝ առանց Միացեալ Նահանգներու որեւէ երաշխիքի:
Ամերիկացի դեսպանը յայտնած է, որ հակառակը նոյնպէս տրամաբանական է. եթէ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածուի բանաձեւին կամ վարչակազմի ուղերձին մէջ, ապա հայ-թրքական մերձեցման յոյսերը պիտի թաղուին սերունդներու համար, իսկ թուրք-հայ-ատրպէյճանական տագնապը պիտի սրի: Ըստ անոր, տրամաբանօրէն՝ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է որոշ ձեւով կանգնեցնէ կամ կասեցնէ բանաձեւին հետ կապուած քոնկրեսի փորձերը:


«Վատագոյն պարագային՝ կը ցանկանք վաւերացնել արձանագրութիւնները,
իսկ յետոյ
ընդունիլ բանաձեւը» դիտել տուած է դեսպան Ճեֆրի

«Քանի որ թուրքերը այսպիսի ոչ մէկ կանխանշան կը տեսնեն, անոնք մտադիր են աշխուժացնելու թուրք-ամերիկեան ջանքերը բանաձեւին դէմ եւ եզրակացուցած են, որ մենք լաւագոյն պարագային կը փորձենք ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ վաւերացման հարցին մէջ, վատագոյն պարագային‘ կը ցանկանք վաւերացնել արձանագրութիւնները, իսկ յետոյ ընդունիլ բանաձեւը: Ատիկա անհաւանական կը հնչէ, սակայն մենք հոս կ՛ապրինք ջղագար աշխարհին մէջ: Եթէ չփոխենք այն, ինչ որ կ՛ըսենք թուրքերուն, քոնկրեսին եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն, Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ ճնշումները, որպէսզի ատիկա մեր վրայ յարձակի պատասխան սպառնալիքներով եւ գործողութիւններով, հետզհետէ պիտի աճին», ընդգծած է դեսպանը: