Print
Category: Հայ Դատ

Ուրուկուէյի հայ գաղութի տարեգրութեան մէջ արձանագրուեցաւ պատմական հանգրուան մը եւս, երբ Ուրուկուէյի նախագահական նստավայրի գլխաւոր հանդիսասրահին մէջ, գաղութի մեծաթիւ անդամներու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, որոնց շարքին Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան,

պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, եւ այլ անձեր, 17 Յուլիս 2013-ին, Ուրուկուէյի կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի մը ստեղծումը: 

Յաջորդաբար խօսք առին կրթութեան եւ մշակոյթի փոխ նախարար Օսքար Կոմէս, որ ընթերցեց պաշտօնական յայտարարութիւնը, Յակոբ արք. Գըլընճեան, Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան եւ կրթութեան ու մշակոյթի նախարար Ռիքարտօ Էրլիչ: Բոլոր խօսք առնողներն ալ շեշտեցին, որ ստեղծուելիք թանգարանը մեծ ներդրում մը պիտի հանդիսանայ անհանդուրժողութեան, ժխտողականութեան եւ ատելութեան դէմ պայքարելու անյետաձգելի գործին մէջ:

Այս համարձակ յայտարարութեամբ, Ուրուկուէյը իբրեւ պետութիւն եւ կառավարութիւն անգամ մը եւս ապացուցեց, որ ինք չէ շեղած մարդու հիմնարար իրաւունքի սկզբունքէն եւ վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը, սատար կը հանդիսանայ Հայ դատին եւ զօրավիգ կը կանգնի անոր, որպէսզի վերահաստատուի ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, որոնք խլուեցաւ հայութենէն 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն: