Print
Category: Հայ Դատ

ԱՄՆ հայկական եւ յունական համայնքներու առաջնորդները կոչ կ'ուղղեն Սպիտակ տան խիստ կանոններ հաստատել Թուրքիայի հետ առեւտուրի ընթացքին: Ինչպէս կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA), համատեղ յայտարարութիւնը հրապարակուած է Թուրքիայի վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ԱՄՆ այցելութեան օրերուն:

Թրքական կառավարութիւնը Օպամա-Էրտողան հանդիպման նախորդող ամիսներուն կը պնդէր, որ Թուրքիան պէտք է անդամակցի թրանսովկիանոսեան առեւտուրին եւ ներդրումային գործընկերութեան ԱՄՆ ու ԵՄ միջեւ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ հետ ազատ առեւտուրի մասին երկկողմ համաձայնագրերու հարցով:

Ամերիկայի Յունական ինստիտուտը (AHI), ԱՄՆ յունական ընկերակցութիւնը (HALC) եւ ANCA-ն դեռ Մայիս 10-էն դէմ կանգնեցան նման համաձայնութեան՝ պահանջելով, որ Թուրքիան դուրս բերէ զօրքերը Կիպրոսէն, վերացնէ Հայաստանի ապօրինի շրջափակումը, չխոչընդոտէ Կիպրոսի ու Հայաստանի միջեւ առեւտուրին, ներդրումներուն ու այլ տեսակի համագործակցութեան:

Կազմակերպութիւններու յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Թուրքիոյ պարագային մենք առաջ չէինք տաներ մեր ազգային շահերը, մեր տնտեսական բարգաւաճումը, սակայն կարելի չէ պարգեւատրել երկիր մը, որ այդքան կոպիտօրէն կը խախտէ առեւտրային համակարգի ամբողջականութիւնը՝ հրաժարելով վերցնել արդէն 20 տարի տեւող Հայաստանի շրջափակումը, որը ելք չունի դէպի ծով»: