Print
Category: Հայ Դատ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով տնօրէն Րաֆֆի Քարաքաշեան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու յանձնախումբին կոչ ուղղած է՝ մեծցնելու Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի, Ջաւախքի եւ Սուրիոյ յատկացուող օգնութիւնը:

Մասնաւորաբար, Քարաքաշեան յանձնախումբին ներկայացուցած է արտաքին օգնութեան եւ քաղաքականութեան վերաբերող զեկուցում մը, ուր կ՛առաջարկուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յատկացնել առնուազն 5 միլիոն տոլարի ելեւմտական օգնութիւն:

Կոչ կ՛ուղղուի նաեւ հետամուտ ըլլալու Միացեալ Նահանգներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ առանց խոչընդոտներու յարաբերութիւններու հաստատման եւ աջակցելու արցախեան հիմնախնդիրին շուրջ Մինսքի խմբակի բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման: Քարաքաշեան նաեւ յիշեցուցած է 1992-ին որդեգրուած Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907-րդ կէտը, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներ դէմ են ատրպէյճանական շրջափակման եւ յարձակողապաշտ գործողութիւններուն՝ ընդդէմ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի, եւ առաջարկած է կասեցնել Ատրպէյճանին յատկացուող զինուորական օգնութիւնը:

Զեկուցումին մէջ կ՛առաջարկուի շուրջ 50 միլիոն տոլարի ելեւմտական աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին՝ տնտեսութեան զարգացման համար, իսկ Վրաստանին յատկացուող օգնութեան 10 առ հարիւրը ուղղել Ջաւախքի զարգացման՝ այդ ձեւով խթանելով տարածքին մէջ աշխատատեղիներու ստեղծումը եւ աղքատութեան կրճատումը: Քարաքաշեան նաեւ կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին յատկացումներու արդարացի բաշխում՝ Սուրիոյ կարիքաւոր բնակչութեան: