ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Սպիտակ տունէն պաշտօնապէս խնդրած է տեղեկութիւն տրամադրել այն մասին, թէ վարչակարգը ի՞նչ միջոցառումներու կը դիմէ՝ Սպիտակ տան համացանցային կայքի «We the People» խնդրագրային ծրագիրը օտար-ներու խարդախութիւններէ պաշտպանելու համար:
Սպիտակ տան բարձրաստիճան խորհրդատու Վելըրի Ճերըթին ուղղուած նամակին մէջ, Հայ Դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան մասնաւորապէս անդրադարձած է Ամերիկայի հայ համայնքը անհանգստացնող ու Սպիտակ տան կայքին վրայ տեղադրուող հակահայ խնդրագիրին, ուր «գրեթէ բառ առ բառ կը փոխանցուին Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հովանաւորուող, սակայն անհիմն եւ ատելութեամբ լեցուն հակահայկական արշաւի հիմնական միտքերը, որոնց նպատակն է խեղաթիւրել Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան պատմութիւնը»:
Իր նամակին մէջ Համբարեան խնդրած է յստակացընել, թէ կայքէջին համար ինչպիսի՛ կանոններ կը գործեն՝ միջազգային մասնակցութեան առումով:
Համբարեան նաեւ Սպիտակ տան ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է այն իրողութիւնը, որ խնդրագիրը անմիջական կապ ունի Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի ղեկավարած Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամին հետ: Նաեւ կը շեշտուի, թէ ի տարբերութիւն «We the People»ի մէջ տեղադրուած միւս խնդրագիրներուն, որոնց տակ կը նշուի ստորագրողներու բնակութեան վայրը, հակահայ խնդրագիրներու պարագային՝ հազարաւոր ստորագրողներու աշխարհագրական վայրը անյայտ է: