Print
Category: Հայ Դատ

Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Օգնիր եղբօրդ» հասարակական կազմակերպութեան համադրող Վահան Յովհաննիսեան  ընկերակցութեամբ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի, աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխ նախագահ, Եւրոպայի ժողովրդային կուսակ-ցութիւն խմբակցութեան անդամ Ռոտի Քրացա - Ցանկարոփուլուի հետ:
Քրացա  մօտէն կը զբաղի Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումով եւ առաքումի աշխատանքով՝ գործակցելով Եւրոպական Միութեան պատկան սպասարկութեանց հետ: Յովհաննիսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայերու ներկայ իրավիճակը: Ան դիմեց Քրացայի օժանդակութեան, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրուի նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն: Քրացա խոստացաւ իր կարելին ընել՝ մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու համար, միաժամանակ տալով կարգ մը ցուցմունքներ՝ առնուելիք քայլերուն համար, որպէսզի աշխատանքը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ: Հանդիպման ընթացքին Քրացա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին հետ՝ տեղեկացնելու անոր այս հանդիպման մասին, եւ թէ Պրիւքսելէն ու Երեւանէն կապ պիտի հաստատուի իրեն հետ:
«Վահան Յովհաննիսեանի Եւրոպական խորհրդարան աշխատանքային այցելութիւնը լաւագոյն առիթն էր այս հանդիպումը կայացնելու, որովհետեւ թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ՛ մենք, առիթը ունեցանք փոխանցելու յաւելեալ տեղեկութիւններ, ներկայացնել առաջարկներ եւ համագործակցութեան եզրեր որոնել: Այսպիսով կը շարունակենք Պրիւքսելի մէջ արդէն սկսած քաղաքական մեր հանդիպումները՝ առաւելագոյն օգնութիւնը բերելու մեր հայրենակիցներուն ֆիզիքական անվտանգութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման համար», շեշտեց Գասպար Կարապետեան: