Print
Category: Հայ Դատ

«eMedia.am»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին  ՀՅԴ Հայ դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ ասիկա երրորդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը յիշեցնելով, որ առաջին երկուքը Միացեալ Նահանգներու մէջ են:

Անոր համաձայն, նահանգի ճանաչումը ուղղակիօրէն պետութեան միջազգային ճանաչում չ՛ենթադրեր, բայց եթէ նման ճանաչումներու թիւը բարձրանայ, անիկա անպայման կը նպաստէ պետութիւններու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման:
«Այդպիսով պիտի ստեղծուի մթնոլորտ մը, որ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը կ՛ընդունի, որ կը յուշէ, թէ աշխարհի ժողովուրդի պահանջը իրաւականօրէն ճիշդ ու արդար է, հետեւաբար այս ընդհանուր աշխատանքին նպաստ բերող քայլ է այս նահանգի ճանաչումը», յայտնեց ան: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ճանաչման իմաստով Հայ դատի գրասենեակին աշխատանքը մեծ եւ ազդու եղած է, բայց վերջ ի վերջոյ պատգամաւորները տուած են որոշումը:
Մանոյեան յիշեցուց, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին միեւնոյն նահանգի խորհրդարանի անդամներէն մէկը այցելած էր Արցախ: «Այս աշխատանքները պիտի շարունակուին, ասիկա իր արդիւնքը պիտի ունենայ, պիտի չըլլայ այնպէս, որ նահանգը ճանչցաւ եւ վերջ», նշեց Մանոյեան: