Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը, երկուշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2012-ին հանդիպեցաւ եւրոխորհրդարանի ազդեցիկ երեսփոխան (ALDE քաղաքական խումբի) սըր Կրահամ Ուաթսոնի (Sir Graham Watson) հետ,
որ միաժամանակ նաեւ նախագահն է Եւրոպական ազատական դեմոկրատական եւ բարեփոխումներու կուսակցութեան (European Liberal Democrat and Reform Party, ELDR):
Հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի Գրասենեակի պատուիրակութեան կողմէ բուռն բողոք ներկայացուեցաւ ALDE քաղաքական խումբի որոշման դէմ՝ Սաֆարովի հարցով ընդունուած Եւրոխորհըրդարանին բանաձեւին դէմ քուէարկելու համար, հակառակ որ իրենց կողմէ յայտարարուած էր, թէ իրենք դէմ են բանաձեւումին՝ քանի Հունգարիոյ դէմ կարծր դատապարտում չկար: ALDE-ի կողմէ երկու երեսփոխաններ որոնք խօսք առին՝ Նորիքա Նիքոլայ (Ռումանիա) եւ Քրիսթինա Օյուլանտ (Էսթոնիա), դէմ արտայայտուեցան բանաձեւին հիմնականօրէն պաշտպանելով Ատրպէյճանը եւ յարձակելով Հայաստանի դէմ: Պրն. Ուաթսոն ինք ալ իր դըժգոհութիւնը յայտնեց դէմ քուէարկելու որոշման համար, նշելով, թէ ինք առողջական պատճառներով ներկայ չէր եղած Սթրազպուրկ: Ինք կը հաւատայ, թէ պէտք էր ամէն պարագայի դատապարտուէր Ատրպէյճանը: Խոստացաւ նաեւ յարաբերութեան մէջ մտնել երեսփոխաններուն հետ եւ իրենց ուշադրութեան յանձնել, թէ առնուած քայլն ու իրենց արտայատութիւնները տեղին չէին:
Պրն. Ուաթսոնին փոխանցուեցաւ նաեւ Արցախի հիմնախնդրին շուրջ Հայ Դատի Գրասենեակի կողմէ պատրաստուած պրակը: Համաձայնուեցաւ մօտ ապագային ունենալ հանդիպում մը եւս, այս անգամ մասնակցութեամբ Արցախէն ներկայացուցիչի մը, որպէսզի աւելի հանգամանօրէն ներկայացուի հարցը իրեն: