Print
Category: Հայ Դատ

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի թագաւորութեան եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Հունգարիոյ հանրապետութեան մշտական դեսպան՝ պարոն Քովաչ Թամաս Իվանին, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ կը ներկայացնէր Հունգարիոյ երկու մնացեալ ներկայացուցչութիւնները՝ ՆԱԹՕի ու Եւրոպական Միութեան։


Հանդիպման նպատակն էր Հունգարիոյ իշխանութիւններէն բացատրութիւններ պահանջել Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման համար, եւ առաջարկել քայլեր՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ կապերու վերահաստատման։
Պարոն դեսպանը իր իշխանութիւններուն յուսախափութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Սաֆարովի ազատ արձակման համար, ինչպէս նաեւ տրուած պարգեւներուն եւ հերոսացմանը համար, նշելով, թէ Ալիեւի այս քայլը հակառակ է դիւանագիտական ու քաղաքական պատշաճ բոլոր գիծերուն, քանի Ատրպէյճանը պաշտօնապէս խոստացած էր, թէ Սաֆարով իր պատիժը պիտի ծառայէ բանտէն  ներս:  Դեսպանը նաեւ նշեց, որ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Հունգարիան վերահաստատեն դիւանագիտական իրենց կապերը։
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան անդրադառնալէ ետք հայեւհունգար երկարամեայ կապերուն եւ հայ համայնքի ներկայութեան, նշեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները պէտք էր աւելի լաւ վերլուծէին հարցը, եւ թէ պէտք էր ակնկալէին, որ Ատրպէյճանի իշանութիւնները պիտի դիմէին Սաֆարովի հերոսացման քայլին, նկատի ունենալով Ալիեւի հակահայ քաղաքականութիւնը:  Առաւել եւս, Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Հունգարիան պէտք է պատասխանէ նաեւ այդ ամբաստանութիւններուն թէ՝ Սաֆարովի յանձնումը առեւտուրի նաեւ արդիւնք է, ինչ կը վերաբերի Ատըրպէյճանի կողմէ հսկայական գումարներու ներդրման:
Նշուեցաւ նաեւ թէ Հունգարիա յայտարարութեամբ մը հանդէս պէտք է գայ՝ կողմնակից հանդիսանալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։
Գասպար Կարապետեան նշեց, որ եթէ առնուին այս քայլերը, կարելի է որ Հայաստանի իշխանութիւնները զանոնք նկատեն դրական նշաններ եւ վերանային Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերը վերահաստատելու հարցը։ Դեսպան Քովաչ խոստացաւ հանդիպման եւ պահանջներուն մասին տեղեկացնել Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարն ու գերատեսչութիւնը։