Սթրազպուրկ (Ֆրանսա).- Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը իր 13 Սեպտեմբեր, 2012-ի լիագումար նիստին՝ 58 կողմ, 13 դէմ եւ 5 ձեռընպահ քուէներով՝ շտապ բանաձեւ մը որդեգրեց, դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ ազերի զինուորական Րամիլ Սաֆարովի հերոսացումը, որ հայ բանակի սպայ՝ Գուրգէն Մարգարեանին սպաննած էր Պուտափեշտի մէջ։
Շտապ բանաձեւին մէջ, Եւրոպական խորհրդարանը «կը դատապարտէ հերոսի գալուստը, որ պրն. Սաֆարովին վերապահուեցաւ Ատրպէյճան իր ժամանումով, եւ այն որոշումը, որ զինք պաշտօնի բարձրացումի արժանացուց, ութ տարուան ամսականները յատկացուց, եւ մտահոգ է, որ այս կրնայ օրինակ հանդիսանալ ապագայ սերունդներուն, ինչպէս նաեւ իր վերադարձին արժանացած պաշտօնի բարձրացման ազերի պետութեան կողմէ»։
Բանաձեւը կ'արտացոլէ զրոյցի մթնոլորտը, որ տեղի ունեցաւ քուէարկութենէն առաջ, որուն ընթացքին Եւրոխորհրդարանի անդամները ըսին գայթակղութիւն կոչեցին Ա-տըրպէյճանի մէջ մարդասպան մը հանդէպ այսպիսի վերաբերմունքը: Եարոսլաւ Փաշքա (Սլովաքիայէն) Ալիեւի իշխանութիւնը համեմատեց մաֆիայի մը։
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ'ողջունէ Եւրոպական միութեան խորհըրդարանի հաստատ դիրքորոշումը Ատրպէյճանի հանդէպ։ Ի տարբերութիւն «Լիպերալներու եւ դեմոկրատներու դաշինք» խմբակցութեան, խորհըրդարանը չեթարկուեցաւ իր բնական կազով եւ քարիւղով պատկեր գնող երկրի մը ճնշումներուն։
«Այս արտառոց դէպքը անգամ մը եւս կը բարձրացնէ ճնշող հարցումներ, ինչ կը վերաբերին արժէքներուն - վայրագութեան եւ ատելութեան, որ Ատրպէյճան կը սնանէ իր քաղաքացիներուն։ Ցոյց կու տայ նաեւ Ատրպէյճանի յարգանքի ամբողջական պակասը՝ միջազգային համաձայնագիրներու եւ դաշինքներու հանդէպ», ըսաւ Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ։
Եւրոխորհրդարանը նկատի առաւ այս հարցի ամբողջական բաղադրիչները, եւ որդեգրեց յատուկ պարբերութիւն մը, ուր գրուած է թէ «կը հաստատէ իր դիրքորոշումը, որ ներկայիս բանակցութեան մէջ գտնուող Եւրոմիութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրը պէտք է, որ Մարդկային իրաւանց եւ օրինաց երկրի պաշտպանութեան եւ յառաջացման յօդուածներ ու պարբերութիւններ ներառէ»։
Նշենք, որ խորհրդարանը նկատել տուած է նաեւ թէ «Սաֆարովին շնորհուած նախագահական ներումը խախտում է հունգարական իշխանութիւններուն տրուած դիւանագիտական երաշխիքներուն»։