Print
Category: Հայ Դատ

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը Զմիւռնիայի աղէտի 90-ամեայ տարելիցին կապակցութեամբ՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն կը կազմակերպէ, Զմիւռնիայի հրդեհը ներկայացնող բացառիկ բնօրինակ լուսանկարներով ու տեսանիւթերով:


Այս գծով նախատեսուած է նաեւ միօրեայ միջազգային գիտաժողովի կազմակերպում, որ տեղի պիտի ունենայ 15 Սեպտեմբերին:
Գիտաժողովին հրաւիրուած են ներկայ գտնուելու երկու յոյն փրոֆէսէօր-դասախօսներ՝ Թրակիոյ «Տիմոքրիթիօ» համալսարանի միջազգային գիտութեանց դասախօս Ֆանիս Մալքիտիս եւ պատմաբան Վլասիս Աղծիտիս: