Արդարութիւն պահանջե՛նք
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ
ԱԹԷՆՔԻ ԵՒ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ
Ամբողջ հայաշխարհը խոր վիրաւորանքով եւ արդար ցասումով լսեց
Սաֆարովին Ատրպէյճանի յանձնելու Հունգարիոյ որոշումը։
Պուտափեշտի մէջ 2004ին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ոճրագործը
ազատ արձակելու Հունգարիոյ կառավարութեան դատապարտելի որոշումը
անընդունելի եւ անհանդուրժելի է։
Բոլորս միասնաբար բողոքենք Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ
ԱԹԷՆՔ
Ցոյց՝ Չորեքշաբթի 5 Սեպտեմբեր 2012, կէսօրէ ետք ժամը 6ին։
Հունգարիոյ դեսպանատան հասցէ՝ Քարնէատու 25¬29, Քոլոնաքի
Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի
եւ Ռ.Ա.Կ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան
Ժամադրավայր՝ մեթրոյի «Էվանկելիզմոս» կայարանի առջեւ (Վաս. Սոֆիաս պողոտայ)
Գոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբէն փուլման ինքնաշարժ մը պիտի մեկնի դէպի ցոյցի վայր՝ կէսօրէ ետք ժամը 5ին:
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ
Ցոյց՝ Չորեքշաբթի 5 Սեպտեմբեր 2012, կէսօրուան ժամը 12ին,
Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ։
Հունգարիոյ հիւպատոսութեան հասցէ՝ Ֆրակոն փողոց, Թեսաղոնիկէ
Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի