Print
Category: Հայ Դատ

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի մարմինի նախագահ Քեն Խաչիկեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին յղած է նամակ մը, որուն մէջ անոր կոչ կ՛ուղղէ՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող  յարձակումները, որոնք զուգադիպած են Քլինթընի կովկասեան այցելութեան:


Քլինթընին ուղղուած նամակին մէջ կը նշուի, որ ատրպէյճանական յարձակումը, բացի անկէ, որ մարդկային ողբերգութեան պատճառ դարձաւ, նաեւ ստոր յարձակում է շրջանին մէջ ամուր եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն դէմ:
Հայ դատի մարմինը Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ չսահմանափակուելու «բռնութիւն կիրարկելէ ձեռնպահ մնալու մասին չէզոք յայտարարութիւններով, որոնք ընդհանրական կոչեր են՝  ուղղուած բոլոր կողմերուն», այլ դատապարտելու հայերուն դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը»:
Յատկանշական է, որ ամերիկացի շարք մը քոնկրեսականներ, մասնաւորաբար, Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի  հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն եւ նոյն խումբի անդամ Հաուըրտ Պըրման դատապարտած են Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմի գործադրած գործողութիւնները: Վերջիններս իրարմէ անջատ յայտարարութիւններով կատարուածին առընչութեամբ նոյն դիրքորոշումը արտայայտած են:
Փալոն իր յայտարարութեան մէջ Քլինթընի կոչ ուղղած է՝ ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Պաքուի մէջ յստակ եւ խիստ դիտողութիւն տալու Ատրպէյճանին՝ զգուշացնելով, որ Միացեալ Նահանգները նման տե- սակի բռնութիւններ պիտի չհանդուրժեն եւ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկեն:
Էտըմ Շիֆ իր կարգին առաջարկած է կիրարկել 907-րդ օրէնքը եւ այլեւս Ատրպէյճանին որեւէ օգնութիւն կամ զէնք չտրամադրել, որպէսզի անիկա հետագային Հայաստանի եւ Ղարաբաղի դէմ չօգտագործուի: Քլինթըն Երեւանի մէջ Ատրպէյճանի հասցէին  քննադատութիւն չկատարեց:


Եւրոպայի Հայ Դատը Խստիւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանական Յարձակումը

4 Յունիսի առաւօտեան, Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ Տաւուշի շրջանին դէմ գործուած յարձակումը, որուն պատճառով 3 հայ զինուորներ նահատակ-ւած եւ 6 վիրաւորներ արձանագրուած են, խըս-տօրէն դատապար-տուեցաւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ:
Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Ատըրպէյճան ցոյց տուաւ, որ երբեք հետաքրքրուած չէ եղած խաղաղութեամբ: Ան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկրի՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի այցելութենէն ժամեր առաջ միայն երբ նման յարձակում մը կ՛իրագործէ Հայաստանի դէմ, ցոյց կու տայ իր իսկական դիմագիծը, նախագահ Իլհամ Ալիեւի կործանարար ռազմական ոգին»:
«Կը պահանջենք Եւրոպական Միութենէն, որ այլեւս դադրի երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչեր ուղղելէ, այլ՝ խիզախօրէն դէմ կենայ ատրպէյճանական ղեկավարութեան, խստօրէն պահանջելով անկէ, որ դադրեցնէ իր արկածախնդրութիւնը», ըսաւ Գասպար Կարապետեան, եւ շարունակեց. «Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի փոխ նախագահ եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնակատար Քեթրին Էշթըն պարտի դատապարտել Ատրպէյճանի այս  կեցուածքը, որ կը սպառնայ շրջանային խաղաղութեան, եւ յստակօրէն ըսէ երկրի իշխանութիւններուն, թէ միութիւնը միայն ուժանիւթով չէ հետաքրքրուած, այլեւ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ, եւ թէ լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Եւրոպական Միութիւն - Ատրպէյճան համագործակցութեան համաձայնագիրին վրայ»: