Print
Category: Հայ Դատ

Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին առի թով, դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն իրագործուած ցոյցին ընթացքին հելլէն ոստիկանութեան կողմէ ցուցաբերուած աննախադէպ բիրտ կեցուածքին որպէս բողոք՝ մեր հայրենակիցները ընդառաջելով Յանձնախումբիս կոչին,

մասնակցեցան Յունաստանի Քաղաքացիի Պաշտպանութեան նախարար Միխալիս Խրիսոխոյիտիսի ուղղուած բողոքի նամակարշաւին, որու որպէս հետեւանք, նախարարը անհատական պատասխաններ ուղարկեց, ուր ի միջի այլոց կը յայտնէր, թէ դիմած է հելլէն ոստիկանութեան ղեկավարութեան, պահանջելով հետազօտութիւն կատարել ոստիկանական ուժերու արարքներու դրդապատճառներուն մասին:
Արդարեւ, Յանձնախումբիս ուղարկուած Մայիս 11, 2012 թուակիր նամակով մը, Յունաստանի Ոստիկանական ուժերու փոխ զօրավար Սփիրիտոն Փափասփիրու, կը յայտնէր թէ նախարարի դիմումին որպէս արդիւնք՝ մանրամասն հետազօտութիւն կատարուած է ցոյցի վայրը պաշտօն ստանձնած ոստիկանական ուժերուն գծով, սակայն կարգապահական խախտման որեւէ երեւոյթ կարելի չէ եղած հիմնաւորել:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը քննելով ստացուած պատասխանները, որեւէ ձեւով բաւարարուած չի զգար, գիտակցելով թէ պատասխաններու բովանդակութիւնը ճշմարտութիւնը բացայայտելէ եւ անկեղծօրէն դատապարտելէ՝ շատ հեռու  է:
Յանձնախումբս կը շարունակէ հարցը անլոյծ նկատել, իսկ  արդարութեան հաստատման ի խնդիր պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:

Աթէնք, 29 Մայիս 2012

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Հ.Յ.Դ. ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ
ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳՒՐ ՍՓՌԵՑ ՄԱՅԻՍ 28Ի ՕՐԸ

Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը կը հաղորդէ թէ Մայիս 28-ին եւ Մայիս 29-ին «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան միջոցաւ, տեղի ունեցաւ «Ռուսահայութեան ձայնը» տեղեկատուական-վերլուծական  յայ-տագրի հերթական` 29-րդ  սփռումը
Ներկայացուեցան հետեւեալ թեմաները՝ «Հայեացք հիւսիսից» խորագրով քաղաքագիտութեան տոքթ.  Ալեքսանդր Սվարանցի նիւթը, ուր անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կազմաւորման եւ գործունէութեան նշանակութեան ու դասերուն: Զուգահեռներ  կատարուեցան ներկայ եւ այն ժամանակուայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակներուն միջեւ:
«Համայնքի դէմքեր» ծրագրի ծիրէն ներս ելոյթ ունեցաւ Ռուսաստանի վաստակաւոր արտիստ Արարատ Մկրտչեանը, որ  անդրադարձաւ  ռուսահայութեան ինքնակազմակերպման գործին մէջ արուեստի նշանակութեան, հայրենի Գիւմրիի մշակութային աւանդոյթներու վերականգնման եւ  ար- ւեստի միջոցով հայկական գործօնը աշխարհին ներկայացնելու կարեւորութեան:

 

Փաստացի սխալներով եւ կողմնակալ փաստաթուղթ

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը խիստ քննադատութեան ենթարկած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը: Մասնաւորապէս, դատապարտուած են  Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման  վերաբերող ձեւակերպումները, թէ «էթնիկ հայ անջատողականները Հայաստանի աջակցութեամբ կը շարունակեն վերահսկել Լեռնային Ղարաբաղը եւ ատրպէյճանական 7 տարածքներ» բաժինը:
Այդ կապակցութեամբ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը յայտարարած է. «Մէկ կարճ նախադասութեամբ, ուր  զարմանալիօրէն շատ փաստացի սխալներ ու կողմնակալութիւն կայ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնայ ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման գործը կէս դարով եւ աւելի հեռու շպրտել: Եթէ առաջնորդուինք նման մօտեցմամբ, ապա դժուար թէ վերջին 50 տարիներուն ՄԱԿ-ի անդամ դարձած 80 պետութիւններէն որեւէ մէկուն թոյլատրուէր ազատ ազգերու  հանրութեան միանալ»:

 

Սպանիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինագիծը

Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Սպանիոյ խորհրդարանի երկու անդամներ ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճա- նաչման վերաբերեալ օրինագիծ մը, որ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նիստի ընթացքին մերժուած է: Օրինագիծին թեր քուէարկած են երկու երեսփոխան, իսկ դէմ՝ 36 երես- փոխան:
Սպանիոյ իշխող Ժողովրդային կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Խոսէ Մարիա Պենեյթօ յայտարարած է, որ իրենք պատմական հարցերու քննարկման դէմ են, եւ կը նախընտրեն ատոր փոխարէն խրախուսել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը: