ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզ եւ Իլինոյէն հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրք Երեքշաբթի, Մարտ 20ին Ծերակոյտին ներկայացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող եւ
Ցեղասպանութենէն քաղուած դասերով ապագայի ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու նպատակով բանաձեւ մը՝ շեշտելով, թէ ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները եւս միանայ այն 19 երկիրներուն, որոնք «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1923ի ջարդերը ցեղասպանութիւն կ՛որակեն»:
Բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորներ Ռոպըրթ Մենենտեզի եւ Մարք Քըրքի կողքին, իբրեւ համահովանաւորներ՝ բանաձեւին նեցուկ կը կանգնին այլ ծերակուտականներ եւս: Յաւելեալ հովանաւորներ ապահովելու աշխատանքը կը շարունակուի:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ ծերակուտականներուն՝ դրուատելով Ցեղասպանութեան ուրացումը Ամերիկային պարտադրելու միտող Թուրքիոյ ջանքերուն ընդդիմացող անոնց սոյն քայլը:
Ամերիկացի ծերակու-տականներու բանաձեւի այս նախագծին մէջ կոչ կÿուղղուի ԱՄՆ նախագահին, որ ճանչնայ 1915-23 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածը եւ բնորոշել այդ՝ որպէս Ցեղասպանութիւն: