ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովին մէջ Փետրուար 2ին տեղի ունեցած նիստին ժամանակ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն պահանջած է մեկնաբանել վերջերս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ ըրած յայտարարութիւնը:
Ինչպէս նախապէս ծանօթ դարձած էր, Յունուար 26ին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ Քլինթըն, պատասխանելով հանդիպման մասնակիցներէն մէկուն այն հարցին, թէ Միացեալ Նահանգները ինչու չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յայտարարած էր, թէ «ցեղասպանութիւնը պատմական հարց է, ոչ թէ՝ քաղաքական»: «Կը կարծեմ, որ արդարացի կÿըլլայ ըսել, ես եւս այդպէս կը կարծեմ, որ ան (Հայոց ցեղասպանութեան հարցը) պատմական քննարկումներու եւ եզրայանգումներու ենթակայ հարց է, ոչ թէ քաղաքական: Կը կարծեմ, որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը ճիշդ դիրքորոշում որդեգրած է այդ հարցի առնչութեամ, քանի որ որքան սոսկալի եւ յուզումնալից ըլլայ կատարուածը, միեւնոյն է, պատմական հարցերը լուծելու համար պետական իշխանութեան օգտագործումը, կը կարծեմ՝ այնպիսի դուռ մը կը բանայ, որ անցնելու համար շատ վտանգաւոր է», ըսած էր Քլինթըն:
«Սովորական բառերով չեմ կրնար բացատրել, թէ Ձեր վերջին յայտարարութիւնը որքան վիշտ պատճառեց ամերիկայի հայ համայնքին եւ մարդու իրաւունքներու շարժման գործիչներու աքթիւիստներուն»,- Քլինթընին ուղղուած հարցին մէջ ըսաւ Ատամ Շիֆը՝ յիշեցնելով, որ ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ դեռ 1951ին՝ միջազգային դատարան ներկայացուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու նկատմամբ կատարուածը իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ ներկայացուած է, իսկ 1980ականներուն ԱՄՆ նախագահ Ռոնըլտ Ռէյկըն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Շիֆ Քլինթընին յիշեցուցած է նաեւ, որ թէ ան, թէ Պարաք Օպաման ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ աշխատելու տարիներուն՝ համապատասխանաբար 20 Ապրիլ 2006ին եւ 18 Ապրիլ 2005ին նախագահ Ճորճ Պուշին ուղղուած նամակներուն մէջ՝ պաշտօնապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրած են:
«Անցեալ շաբաթ, սակայն, ձեր ըրած յայտարարութիւնը շատ կը տարբերէր նախորդ յայտարարութիւններէն: Ան, ցաւօք սրտի, մեծ չափով կը ներկայացնէր Թուրքիոյ կառավարութեան քաղաքական ուղեգիծը: Եւ հիմա կÿուզեմ հարցնել ձեզի՝ արդեօք կասկած ունիք, որ 1915-1923 թուականներուն տեղի ունեցած իրադարաձութիւնները ցեղասպանութիւն են: Արդեօք այդ հարցին (Հայոց Ցեղասպանութեան) վերաբերեալ ձեր տեսակէտը փոխուած է»,- հարցը եզրափակած է ծերակուտականը:
Քլինթըն պատասխանելով ըսած է, թէ ինք Յունուար 26ին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է՝ անդրադառնալով Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման: «Կը կարծեմ, որ խօսքի քրէականացումը դժուար ճանապարհ է՝ անցնելու համար: Եւ, ինչպէս կը հասկնամ, Ֆրանսայի դատարանը զայն հակասահմանադրական ճանչցած է: Թոյլ տուէք աւելի պարզ խօսիլ: Միացեալ Նահանգները 1915ի դէպքերը կը ճանչնայ իբրեւ 20րդ դարու ամենավայրագ իրադարձութիւններէն մէկը: Եւ ամէն տարի Ապրիլ 24ին նախագահը յարգանքի տուրք կը մատուցէ զոհերու յիշատակին: Անցեալ տարի Ապրիլ քսանչորսեան իր ելոյթին մէջ նախագահ Օպամա ըսաւ, որ իւրաքանչիւրի շահերէն կը բխի փաստերու լիարժէք, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչման հասնիլը: Ան նաեւ նշեց, որ այդ նպատակին հասնելու լաւագոյն ուղին այն է, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդները անցեալի փաստերը դիտարկեն իբրեւ յառաջ ընթանալու իրենց ջանքերու մէկ մասը:
Նախագահ Օպամա, ինչպէս իրմէ առաջ բոլոր նախագահները, մեծապէս կÿաջակցի երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն: Այնպէս որ, մեր կարծիքով ասիկա դիրքորորոշում մըն է, որ ամբողջութեամբ կ'արտացոլէ 1915ի սոսկալի դէպքերը եւ կը փորձէ այնպիսի մթնոլորտ ստեղծել, որ այդ երկու ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն հնարաւորութիւն կու տայ միասին յառաջ երթալու»:
ԱՄՆ Քոնկրէս ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին թիւ 304 բանաձեւին հեղինակներ Ատամ Շիֆ եւ Ռոպերթ Տոլտ նամակ յղած էին Հիլըրի Քլինթընին՝ պահանջելով հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «պատմական քննարկումներու առարկայ» անուանելու վերաբերեալ իր խօսքերէն:
Նամակին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած էին նաեւ Ներկայացուցիչներու Տան 59 ներկայացուցիչներ: