Print
Category: Հայ Դատ


Ցեղասպանութիւններու հերքման հետեւանքներու մասին
Ֆրանսայի Նախագահը Կառավարութեան Յանձնարարած է
Նոր Օրինագիծ Պատրաստել

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական ճանչցաւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը՝ պատճառաբանելով, որ ան կը հակասէ խօսքի ազատութեան:

Այս մասին կը հաղորդէ tert.am:
Երէկ գիշեր, երբ Սահմանադրական խորհուրդին մէջ դեռ կը շարունակուէին քննարկումները, թրքական որոշ լրատուամիջոցներ տեղեկութիւն տարածեցին, թէ Խորհուրդը չեղեալ յայտարարած է օրինագիծը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեան, սակայն, չհաստատեց այդ տեղեկութիւնը՝ նշելով, որ որոշումը պիտի հրապարակուէր Երեւանի ժամանակով ժամը 20:00ին:

 

Ֆրանսայի Նախագահը Կառավարութեան Յանձնարարած է Ցեղասպանութիւններու Մասին Նոր Օրինագիծ Պատրաստել

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարած է, որ մտադիր է ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ առաջարկել Ծերակոյտի քննարկման:
Ըստ ֆրանսիական Le Figaro պարբերականի՝ Սարքոզի հաստատած է իր մտադրութիւնը          եւ կառավարութեան յանձնարարած է օրինագիծի նոր բնագիր կազմել հաշուի առնելով Սահմանադրական խորհուրդին երէկուան որոշումը:
Պարբերականը կը նշէ, որ Ֆրանսայի նախագահը այս որոշումը ընդունած է՝ հակառակ որ անոր դէմ եղած են քանի մը նախարարներ, որոնց մէջ արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ:
Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին մէջ կը նշուի, որ ան չի տարածուիր 29 Յունուար 2001ի որոշումին վրայ, որմով Ֆրանսան ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:


Վալերի Պուայէ պիտի շարունակէ պայքարիլ

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը մեծ հիասթափութիւն պատճառեց ֆրանսահայութեան մօտ, բայց նաեւ ֆրանսացիներուն, որոնք կը պայքարին յանուն մարդոց իրաւունքներու:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», այս մասին նշուած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ առաջին օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէի տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Ինչպէս Սահմանադրական խորհուրդի որեւէ որոշում, այս մէկն ալ Սահմանադրութեան մեկնաբանութեան վրայ հիմնուած է, սակայն նոյնիսկ եթէ կարելի չէ բողոքել, գէթ կարելի է վիճելի համարել» ըսած է Պուայէ: