Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք դարձնող օրինագիծի նկատմամբ: Այդ մասին ան յայտարարեց Marianne շաբաթաթերթին:
«Ֆրանսացի սոցիալիստները մշտապէս պաշտպանած են Հայկական հարցը: Ֆրանսուա Միթերանը կը պայքարէր Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, եւ նոյնիսկ վարչապետ Լիոնել Ժոսփենի օրով այդ օրէնքը ընդունուեցաւ: Հարկ է մինչեւ վերջ տանիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: 2006-ին մերժուելէ ետք, այն կրկին ի յայտ եկաւ, սակայն, իմ կարծիքով, ոչ այնքան պատեհ պահու: Սակայն ես հետեւողական եմ, ես քուէարկած եմ յօգուտ օրինագիծին եւ այսօր ալ դարձեալ «կողմ» կը քուէարկեմ»,- ըսած է Հոլանտը: