Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան յայտնած է, թէ ֆրանսահայ համայնքի բոլոր հոսանքներու ներկայացուցիչները ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ այս օրերուն ծրագրուած հանդիպումի մը՝ քննելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին հետ կապուած հարցեր:
Ֆրանսական ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի պատրաստ է անմիջապէս ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մտցնելու շրջանառութեան մէջ, եթէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը 23 Յունուարին ծերակոյտի հաւանութեան արժանացած փաստաթուղթը հակասահմանադրական նկատէ:
Սահմանադրական խորհուրդը ամէնէն շատ մէկ ամիս ունի օրինագիծին ճակատագիրը վճռելու համար եւ եթէ որոշէ, որ փաստաթուղթը չի համապատասխաներ երկրին սահմանադրութեան, ապա ինչպէս դիտել կուտայ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան, «օրէնքը ջուրը ինկած կ՛ըլլայ, եւ վերջ»:
Վարժապետեան կÿըսէ, որ Ֆրանսայի նախագահը, յայտարարելով, որ անձամբ եւ անմիջապէս նոր օրինագիծ պիտի դնէ շրջանառութեան մէջ, ցոյց կու տայ իր վճռականութիւնը այս հարցին մէջ մինչեւ վերջ երթալու:
Ըստ Վարժապետեանի, եթէ Նիքոլա Սարքոզի ստիպուած ըլլայ նոր օրինագիծ ներկայացնելու, ապա ատիկա խորհրդարանի քննարկման կրնայ դրուիլ արդէն Փետրուարի աւարտին: Նոյնիսկ եթէ Փետրուարի աւարտին խորհրդարանական արձակուրդը սկսի, քանի մը օր մնացած կ՛ըլլայ եւ այդ քանի մը օրուան ընթացքին նախագահը կառավարութեան միջոցով կրնայ իր այդ խոստումը կատարել:
Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը նշեց, որ օրէնքին համաձայն, այժմ արդէն երբ օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդի քննարկման ներկայացուած է, նախագահը այլեւս չի կրնար ատիկա վաւերացնել՝ պէտք է սպասէ բարձրագոյն ատեանի որոշման:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչո՞ւ ֆրանսայի նախագահը գերադասեց սպասել, եթէ օրինագիծը մինչեւ վերջ տանելու հարցին մէջ վճռական է, եւ ինչո՞ւ չստորագրեց զայն ընդունումէն ետք, Հրաչ Վարժապետեան յայտնեց, որ այս հարցին ոչ ոք չի կրնար ստոյգ պատասխան տալ, սակայն Սարքոզի վարուած է այնպէս, ինչպէս սովորաբար բոլոր օրինագիծերու հաստատման պարագային կը վարուի: