Print
Category: Հայ Դատ

Օրական հազարաւոր այցելուներ ունեցող յունական in.gr կայքէջը, երէկուընէ սկսեալ հարցախոյզ մը կը կատարէ՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծին նկատմամբ։


«Համաձա՞յն էք օրինագիծին» հարցականը կը տրուի.-
ա- Այո. Կարելի չէ պատմական յուշը անպատուել,
բ- Ոչ. Ազատ արտայայտութեան կաշկանդում է,
գ- Չեմ գիտեր - չեմ պատասխաներ։
Այսօր առաւօտեան տուեալներով «այո» պատասխանած քուէարկողներուն թիւը՝ 2.565 էր, «ոչ»՝ 955, «չեմ գիտեր»՝ 126:

Այցելեցէք կայքէջը եւ քուէարկեցէք «այո՛»