Print
Category: Հայ Դատ

Ֆրանսայի ազգային ժողովի պատգամաւոր, իշխող «Միութիւն յանուն ժողովրդավարական շարժման» կուսակցութեան անդամ հայազգի Փաթրիկ Տեւեճեանը ծաւալուն  հարցազրոյց մը տուաւ  թրքական Milliyet-ին։

Հատուածներ հարցազրոյցէն.

Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութիւնը ընդունուած է։ Այս նոր օրինագիծէն հայերը ի՞նչ օգուտ ունին։
 
Այս օրինագիծը երկու բան պիտի փոխէ։ Թրքական պետութիւնը Ֆրանսայի մէջ այլեւս ժխտողական քարոզչութիւն պիտի չկարողանայ իրականացնել։ Եւ երկրորդ՝ հասարակութեան մէջ կը բարձրանայ այս խնդրի վերաբերեալ տեղեկութիւններու մակարդակը։
 
Այս օրինագիծը Թուրքիոյ մէջ այդքան քննադատուող 301-րդ յօդուածէն ինչո՞վ կը տարբերի։
 
Հարցը հակառակ կողմէն տամ։ Թուրքիան ինչո՞ւ կ'առարկէ, երբ Ֆրանսայի մէջ օրինագիծ կ'ընդունուի, որու նմանը կայ Թուրքիոյ մէջ։
 
Դուք սպառնալիքներ ստացա՞ծ էք։
 
Շարունակ նամակներ կը ստանամ։ Մէկ անգամ Hurriyet-ը իմ դէմ ստորագրահաւաք սկսաւ։ Ամբողջ Եւրոպայի թուրքերէն ինձ 5 հազար նամակ եկաւ։ Եթէ այս օրինագիծը անցնի, նման բաներ այլեւս հնարաւոր չէ որ ըլլան։
 
Ֆրանսայի մէջ շատերը դէմ են օրինագիծին։ Դուք այս հարցին առընչութեամբ ի՞նչ կը մտածէք։
 
Օրինագիծի դէմ հանդէս եկող շատ պատգամաւորներ փոխեցին իրենց վերաբերմունքը, երբ տեսան Անգարայի արձագանգը։ Ֆրանսայի նախկին նախագահի որդին՝ Լուի Ժիսկար տ’Էստենը եւս դէմ էր օրինագիծին։  Այնուհետեւ ան յայտարարեց, որ Անգարայէն եկած արձագանգներէն ետք փոխած է իր միտքը։
 
Ֆրանսայի մէջ կա՞ն հայեր, որ համակարծիք չեն ձեզ հետ։
 
Ֆրանսայի բոլոր հայերը ունին բռնագաղթի  եւ կոտորածի պատմութիւններ։ Ատոր համար ալ ժխտողականութիւնը ոչ մէկու կողմէն ընդունելի չէ։ Այս հարցով համակարծիք ենք։
 
Որքա՞ն պիտի պայքարիք։
 
Մինչեւ մահ։ Այս հարցը շատ յոգնեցուցիչ է, սակայն այն պատիւի խնդիր է։

News.am