Print
Category: Հայ Դատ

127  թեր  եւ  86  դէմ  քուէներով

Աւելի քան 5 ժամ տեւած բուռն  քննարկումներէ յետոյ, ծերակուտականները նախ ճնշող մեծամասնութեամբ՝ 179-86 յարաբերակցութեամբ, դէմ արտայայտուեցան Իրաւական հարցերու յանձնաժողովի մտահոգութիւններուն,  ըստ որոնց, օրինագիծի որոշ դրոյթներ հակասահմանադրական էին:


Քննարկման մասնակիցները միաձայն կը փաստէին Ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութիւնը եւ կը նշէին թէ ժխտողականութիւնը մեծապէս խոցելի կը դարձնէ զոհերու յիշատակը: Ծերակուտականները կրկնեցին, թէ այս որոշումը ուղղուած չէ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին դէմ, ընդհակառակը, անոնք յոյս յայտնեցին որ ժամանակը կուգայ երբ թուրք ժողովուրդը կը հասկնայ տուեալ դիրքորոշումը: Խորհրդարանականներու կողմէ կատարուած խմբագրական որոշ սրբագրութիւններէ ետք տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը, որ իր աւարտին հասաւ 127 թեր - 86 դէմ քուէներու արդիւնքով:
Սրահին մէջ ծափահարութիւններով եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով ընդունուեցաւ արդիւնքը, մինչ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները լուռ մեկնեցան սրահէն:

Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ երեկոյեան ժամը 23:23-ին, 127 թեր եւ 86 դէմ քուէներով, որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Քուէարկութեան արդիւնքէն անմիջապէս ետք, Ծերակոյտի շէնքին առջեւ հաւաքուած հայերը սկսան «Զարթիր Լաօ» երգով տօնել օրինագիծի որդեգրումը: Որպէսզի օրէնքը գործադրելի դառնայ պէտք է ստորագրուի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ, մէկ ամսուայ ընթացքին:


«Թուրքերը գացին իրենց տուները, հայերը սկսան տօնել»

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի կայքէջը դիպուկ կերպով նշեց, որ «թուրքերը գացին իրենց տուները, հայերը սկսան տօնել»: Եւրոպայի տարբեր շրջաններէն Փարիզ հասած թուրքերը արդէն քուէարկութենէն առաջ սկսած էին հեռանալ Ծերակոյտի շէնքին առջեւէն: Ծերակոյտը կէսօրուայ ժամը 16:04-ին սկսաւ քննարկել նշեալ օրինագիծը, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն դէմ մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրօ տուգանքի պատիժ կը սահմանէ:
Խորհրդարանին հետ կապերու հարցով նախարար Փաթրիք Օլիէ յայտնեց, որ «ժխտողականութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան դէմ գերագոյն անարգանքն է»: Ան նշեց, որ եթէ օրէնքին դէմ պէտք էր բողոքել, այդ մէկը պէտք էր կատարել 20 տարի առաջ հրէական Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման ընթացքին: Ան տրամաբանական չնկատեց, որ խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած երկու ցեղասպանութիւններուն նկատմամբ տարբեր մօտեցումներ ցուցաբերուին՝ առաջինին ժխտումը քրէականացնելով, իսկ երկրորդինը՝ ոչ: Նախարար Օլիէ օրինագիծի որդեգրումը արդարութեան կիրարկում նկատեց եւ նշեց, որ Ֆրանսա այսպիսի օրէնք մը որդեգրող առաջին երկիրը պիտի չըլլայ: Նախարարը օրինագիծի քննարկումը անհարկի նկատեց, որովհետեւ անոր հիմքը տասը եւ քսան տարի առաջ կատարուած է: Ան նշեց, որ օրինագիծի որդեգրումով ծերակուտականները ցեղասպանութեան ճանաչում չէ որ կ՛ընեն, այլ‘ Ֆրանսայի օրէնքը կ՛ամբողջացնեն: Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կը զօրակցի այս օրինագիծին, եւ ծերակուտականները հրաւիրեց միաձայնութեամբ որդեգրելու օրինագիծը:
Ծերակոյտի իրաւական հարցերով յանձնախումբի զեկուցող Ժան-Փիեռ Սիւէօր յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը որեւէ ձեւով հարցականի տակ չէ եւ այսօրուան քննարկումը անոր շուրջ չէ, այլ օրէնքին‘ ի՞նչ բան կրնայ ընել կամ չընել: Ան ըսաւ, որ ժխտողականութիւնը ահաւոր է, եւ «մենք զայն կը դատապարտենք»: Սիւէօր զգուշացուց, որ եթէ սահմանադրական դատարանը այս օրինագիծը հակասահմանադրական նկատելով մերժէ, այդ մէկը ժխտողականութեան համար յաղթանակ մը պիտի ըլլայ եւ այդ վտանգը իսկական է ու կրնայ վիրաւորել ֆրանսահայութեան զգացումները:
Իզապել Փասքէ ըսաւ, որ Ֆրանսայի նախագահը հայկական համայնքը կ՛օգտագործէ իր ընտրական շահերուն համար եւ ընդգծեց, որ այս օրինագիծը ընտրական նպատակներ կը հետապնդէ: Անոր խօսքը ծերակուտականներուն մօտ զայրոյթ յառաջացուց: Ծերակուտականը քննադատեց Փարիզի մէջ թուրքերուն ցոյցը եւ նշեց, որ հայերը իրաւունք ունին օրէնքով պաշտպանուիլ պահանջելու:
Ձախ արմատական կուսակցութեան անդամ Ժաք Մեզար յայտնեց, որ օրինագիծը ընտրական քայլ մըն է եւ մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ ֆրանսական սահմանադրութեան դէմ, եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ անոր ծանր հետեւանքները անտեսուած են: «Մենք կ՛ուզենք, որ մեր գործընկերները մերժեն այս օրինագիծը, սակայն ընտրական հաշիւները պիտի յաղթանակեն»:
Իշխող կուսակցութենէն Ռոժէ Քարուչի յայտնեց, որ Ֆրանսա երկու ցեղասպանութիւն ճանչցած է, սակայն անոնց ժխտումին նկատմամբ նոյն ձեւով չենք վարուիր: Ան նշեց, որ զոհերը զոհեր են եւ ջարդերը ջարդեր, ինչո՞ւ հայ զոհերը հրեայ զոհերուն նոյն իրաւունքը չունենան:
Բնապահպան կուսակցութենէն Էսթեր Պենպասա յայտնեց, որ Թուրքիա պէտք է իր պատմութեան սեւ էջերուն հետ դէմ յանդիման գայ: Ան ըսաւ, որ ժխտողականութիւնը Թուրքիոյ մէջ իսկական ճարտարարուեստ մըն է: «Այս օրինագիծը Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին պիտի չծառայէ, ոչ ալ‘ հայ-թուրք երկխօսութեան», ըսաւ ան‘ աւելցնելով, որ Թուրքիայէն դուրս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը անիմաստ է: Ան նշեց, որ ինք եւ իր կուսակցութիւնը օրինագիծին դէմ են:
Ընկերվարական կուսակցութենէն Լիւք Քարվունաս յայտնեց, որ ցեղասպանութիւնը ամբողջ մարդկութեան բնաջնջումն է, իսկ այս օրինագիծը պարզապէս օրէնք դնել չէ, այլ‘ ամէն ինչ իր տեղը դնելը: «Հոս կը քննարկուի քաղաքակրթական, պատմական երեւոյթը», ընդգծեց ան:
Բնապահպան կուսակցութենէն Ժան-Վենսան Փասէ յայտնեց, որ քաղաքական գործիչի մը համար աւելի դժուար բան չկայ, քան ամբողջ ազգի մը չարչարանքը դատելը: «Դժուար է այս օրինագիծին «ոչ» քուէարկել», ըսաւ ան: «Մեր դերը ոչ թէ պատմական իրադարձութիւններու օրէնքներ ընդունիլն է, այլ ստեղծել ճշգրիտ օրէնքներ, որոնք կրնան նուազեցնել խտրականութիւնը… Այս քննարկումները պէտք է շարունակական ըլլան: Առանց Թուրքիոյ կողմէ ընդունման ցեղասպանութեան հարցը չի կրնար լուծուիլ»: Ան նշեց, որ «հայեր եւ թուրքեր դուրսը ցոյց կը կատարեն: Այսպիսի օրէնքի որդեգրումը պէտք է հայ եւ թուրք ժողովուրդները միացնէ»:
Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նաթալի Պուլէ յայտնեց, որ «մեր հայ հայրենակիցները կարեկցանքի կարիք ունին եւ Ֆրանսան պատասխանատուութիւն ունի իր հայրենակիցներուն նկատմամբ»: Ան ողջունեց օրինագիծի քննարկումը եւ կոչ ուղղեց զայն որդեգրելու:
Ընկերվարական կուսակցութենէն Պեռնար Փիրաս յայտնեց, որ այս քննարկումները նախընտրական բնոյթ չունին, սակայն օրինագիծը կրնայ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ պառակտում ստեղծել եւ լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Ան նշեց, որ պէտք է թոյլ տալ, որ այս հարցով պատմաբանները աշխատին:
Նախարար Օլիէ երկրորդ անգամ խօսք առնելով ծերակուտականներուն յիշեցուց, որ 2001-ին հրէական Ողջակիզումի օրէնքը գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրած էին, «իսկ հիմա ինչո՞ւ զայն սահմանադրական դատարանին փոխանցելու մասին կը խօսիք, եթէ օրէնքը հակասահմանադրական էր, այդ քայլը 2001-ին պէտք էր կատարէիք»:
Նախքան օրինագիծի քննարկումը, Անգարա վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուց Փարիզը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ «թրքական կառավարութիւնը Ֆրանսայի դէմ վրէժխնդրական միջոցառումներ պիտի որդեգրէ, եթէ Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը»‘ աւելցնելով, որ «նախապէս ճշդեցինք շարք մը միջոցառումներ, որոնք մտադիր ենք գործադրելու, եթէ օրինագիծը վերջնականապէս որդեգրուի: Ոչ ոք պէտք է այդ ուղղութեամբ կասկած ունենայ»:
«Այդ օրինագիծը միջնադարեան հաւատաքննութեան որոշումներու նախատիպ կը նկատուի», յայտարարեց Տաւութօղլու, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին հարցը քննարկելու համար Պրիւքսել նախատեսուած իր այցելութիւնը չեղեալ յայտարարած էր‘ ծերակոյտի քննարկման հետեւելու համար:
Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան իր շարունակական զեկու-ցումներով, որ «Երկիր Մետիա»ի եւ «Հ-1»ի կողմէ կը սփռուէին, յայտնեց, որ Փարիզի մէջ ցոյց կատարող թուրքերը քաղաքականացած չեն, այլ՝ ֆութպոլի թրքական խումբերու համակիրներու մակարդակի ամբոխ մըն են, որոնք ցոյցի ընթացքին «Ալլահու Աքպար Թիւրքիյէ»-ի նման իսլամական բացագանչութիւններ կատարած են, ինչ որ բնականաբար ֆրանսական հանրութեան մօտ ժխտական տպաւորութիւն կը ստեղծէ: Ան ըսաւ, որ ֆրանսական մամուլը թուրքերու ցոյցը անտեսելով անոր միայն լուսանցքային կարեւորութիւն ընծայած է: Ըստ ֆրանսական մամուլին, ցոյցին մասնակից թուրքերուն թիւը 15 հազար է: Անոնք Եւրոպայի տարբեր շրջաններէն փոխադրակառքերով Փարիզ հասած էին:

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ Է»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ողջունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման փաստը: Ան իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշեց. «Այսօր Ծերակոյտի ընդունած որոշումը 2001 թուականին Ֆրանսայի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի տրամաբանական շարունակութիւնն է: Այս օրը ոսկէ տառերով կը գրուի ոչ միայն ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդների բարեկամութեան պատմութեան մէջ, այլեւ աշխարհում մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան տարեգրքում եւ կը լրացնի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնների կանխարգելման առկայ մեքանիզմները:
Ֆրանսան վերահաստատեց իր առանցքային դերակատարութիւնը որպէս համամարդկային արժէքների անշահախնդիր պաշտպան: Ես կը ցանկանայի մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին, ծերակոյտին, Ազգային ժողովին, կառավարութեանն ու Ֆրանսայի բարեկամ ժողովրդին»:

 

Էրտողան յայտարարեց թէ երբեք դարձեալ Ֆրանսա պիտի չայցելէ

Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողան երէկ սպառնաց որ երբեք այլեւս պիտի չայցելէ Ֆրանսա, Ցեղասպանութեան քրէականացումը ընդունող օրինագիծի լոյսին տակ: «Սենատը որոշում կայացուց, մենք ալ մեր որոշումները ունինք» ըսաւ ան, առանց մանրամասնելու թէ որո՛նք են այդ որոշումները...