Print
Category: Հայ Դատ

Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը Ֆրանսայի Ծերակոյտինի կողմէ քուարկութեան դրուելուն օրը՝ Երկուշաբթի 23 Յունուարին, Ֆրանսայի թուրքերը ցոյց պիտի կազմակերպեն Ծերակոյտի շէնքին առջեւ: Այս անգամ թուրքերը առանձին պիտի չըլլան: Նոյն օրը ցոյց կազմակերպելու համար՝ հայերը նոյնպէս սկսած են պատրաստուիլ։ 

Թրքական «Սթար Կազեթէ» թերթը կը գրէ թէ՝ 22 Դեկտեմբերին կազմակերպուած հազարաւոր թուրքերու ցոյցը գործի լծեց ֆրանսայի հայերու լոպպին, որպէսզի զօրակցելու խաղաղ ցոյց կազմակերպեն։
Անշուշտ իրականութիւնը այն է թէ Ֆրանսայի հայերու կազմակերպութեան համակարգող խորհուրդը հրաւիրած է բոլոր հայերը Ծերակոյտին առջեւ օրէնքին զօրակցելու համար համախմբուելու: Խորհուրդը մասնակիցներէն խնդրած է, որ անոնք պաստառներ վերցնեն «Ոչ ըսելու համար ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան, թրքական կառավարութեան ուրացումին եւ սպառնալիքներուն»: 


Ըստ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Յանձնաժողովին՝ Ցեղասպանութեան Օրինագիծը Հակասահմանադրական Է

ՀՅԴ Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան կը տեղեկացնէ, թէ որոշումը բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ Յունուար 23ին մեկնարկող օրինագիծի քննարկման գործին վրայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի Իրաւական հարցերով յանձնաժողովը Չորեքշաբթի, Յունուար 18ին աւարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծին նուիրուած քննարկումը եւ հասած է այն եզրակացութեան, թէ փաստաթուղթը հակասահմանադրական է:

ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՎՐԱՅ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ

ՀՅԴ Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան կը տեղեկացնէ, թէ որոշումը բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ Երկուշաբթի Յունուար 23ին մեկնարկող օրինագիծի քննարկման գործին վրայ՝ յիշեցնելով, որ Ծերակոյտի անդամներուն մեծ մասը կողմ է օրինագիծի վաւերացման:
«Ծերակոյտի Իրաւական հարցերով յանձնախումբը բաղկացած է 49 հոգիէ՝ նախագահողին հետ միասին։ Այս քուէարկութեան ընթացքին 23ը դէմ, 9ն թեր քուէարկեցին, իսկ 8 անձ ձեռնպահ մնաց։ Յանձնախումբի որոշումը այն էր, որ օրէնքը հակասահմանադրական է՝ նախքան Ծերակոյտին հասնիլը։
«Կարգը հետեւեալն է, եթէ այսօր այս յանձնախումբը օրինագիծը հակասահմանադրական չնկատէր, յառաջիկայ երկուշաբթի օր ընդհանուր նիստին ընթացքին քննարկում տեղի պիտի չունենար եւ ծերակոյտը ուղղակի քուէարկութեան պիտի անցնէր: Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, կ՛ակնկալէինք, որ յանձնախումբը այսպիսի որոշումով դուրս գայ, որովհետեւ կարգը այսպէս է: Սակայն Երկուշաբթի օրուան նիստին այս մէկը ցնցող նշանակութիւն չունի, որովհետեւ Ծերակոյտին մէջ պէտք է քուէարկեն, եւ մեծամասնութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ այսօրուան՝ այս յանձնախումբի որոշումին հակառակ պիտի քուէարկեն» կ՛աւելցնէ Հրաչ Վարժապետեան:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԱՆԻ 20 ՀԱՐՑՈՒՄ-ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ՝ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»ը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտին մէջ, ցե-ղասպանութիւններու ժխտումը պատժող օրէնքին Յունուար 23ի քննարկման շեմին, Հայկական Դիտարանը 20 հարցում-պատասխաններէ բաղկացած նամակ մը ղրկած է ծերակուտականներուն: Հոն կ’ըսուի, թէ օրէնքը միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին չըլլալով հանդերձ, այս մէկը մամուլէն ամենէն շատ արձագանգ  գտնողն է՝ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուող ապատեղեկատւութեան զանգուածային քարոզչութեան պատճառով: Ուստի, Դիտարանը անհրաժեշտ գտած է հարցին մասին պատշաճօրէն լուսաբանել ծերակուտականները, որոնք պիտի վճռեն օրէնքին ճակատագիրը, եւ յղած է այս նամակը, որ կը բաղկանայ 25 էջերէ: Իւրաքանչիւր հարցումին համար կը տրուին սպառիչ տեղեկութիւններ: Հարցումներն են՝
 1. Ո՞ւր եւ երբ պատահեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
 2. Ո՞րոնք են դրդողները եւ գործադրողները:
3. Ի՞նչ էր անոնց նպատակը:
4. Ի՞նչ միջոցներով գործադրուած է ան:
5. Ի՞նչու զայն ցեղասպանութիւն կ’որակենք:
6. Ի՞նչպիսի պատճառներով Թուրքիոյ համար դժուար է զայն ճանչնալ:
7. Ո՞ր երկիրներն ու հիմնարկները ճանչցած են այս ցեղասպանութիւնը:
8. Այս ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձուցա՞ծ են որոշ երկիրներ:
9. Ինչո՞ւ հարկ է պատժելի դարձնել ցեղասպանութիւններու ժխտումը:
10. Ժխտումը պատժելի դարձնելը արտայայտութեան ազատութեան կաշկանդում կը հանդիսանա՞յ:
11. Ֆրանսայի մէջ ժխտումը պատժելի դարձնել կը վնասէ՞ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման:
12. Պատմաբաններու յանձնաժողովի մը դատողութեա՞ն է, որ պէտք է թողուլ այդ դէպքերու որակումը:
13. Այս խնդիրը պէտք չէ՞ր մնար հայ-թրքական յարաբերութիւններու սահմանին մէջ:
14.  Ի՞նչ է որ հիմ ծառայեց 2011 Դեկտեմբերին ընդունուած օրինագծին:
15.  Ան կը վերաբերի միայն Հայո՞ց Ցեղասպանութեան:
16.  Ի՞նչ գործ ունին քաղաքական դէմքերը այս խնդրին մէջ: Պատմաբաննե՛րը պէտք է գրեն պատմութիւնը:
17. Այս մէկը յիշողութեա՞ն մասին օրէնք մըն է: Հակասահմանադրական չէ՞: 18. Այս օրինագիծը համայնապաշտական, ընտրական նպատակներով լոյս աշխարհ եկած եւ հակթրքական չէ՞:
19. Պիտի չվնասէ՞ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միչեւ գոյութիւն ունեցող առեւտրական կապերուն:
20. Եթէ օրինագիծը վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ, ի՞նչ պիտի փոխուի: