Աթէնքի «Ասթիր Փալաս» պանդոկին մէջ, Ուրբաթ եւ Շաբաթ 1¬2 Յուլիս 2011ին տեղի ունեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի նիստը, ուր ներկայ գտնուեցան կազմակերպութեան 300է աւելի անդամ կուսակցութիւններ, ամբողջ աշխարհէն։
Այլոց կարգին ներկայ էին Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի, Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչ, Ֆինլանտայի խորհրդարանի նախագահ Էրօ Հէյնալուոմա, Կիպրոսի հանրապետութեան խորհըրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրու։ Ներկայ էր նաեւ Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Փոլ Նիրուփ Ռասմուսէն, Եւրոպական Խորհրդարանի Դեմոկրատներու եւ Ընկերվարականներու խմբակի ղեկավար Մարթին Շուլց, Պելճիքայի ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Էլիօ Տի Ռուփօ, եւայլն։ Ներկայ էին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ ¥Իսրայէլի աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Միքա Հարիշ եւ Պաղեստինի «Ֆաթհ»էն Նապիլ Սաաթ¤, Եգիպտոսի, Թունուզի, Եմէնի, Ալճերիոյ, Մարոքի եւ մեծ թիւով երկիրներու ներկայացուցիչներ բոլոր ցամաքամասերէն, ինչպէս եւ հրաւիրեալներ Չինաստանէն, Գանատայէն եւ ափրիկեան երկիրներէ։
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որպէս ԸՄի լիիրաւ անդամ, ներկայ էր 5անդամ պատուիրակութեամբ, բաղկացած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգանականի ԱՊՀ ¬ Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի նախագահ Մարիօ Նալպանտեանէ, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Նազարէթ Պէրպէրեանէ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Դաւիթ Պետրոսեանէ եւ անդամ Յակոբ Կարապետեանէ եւ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանէ։
Բացումը կատարեց Յունաստանի իշխող ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան Ազգային խորհուրդի քարտուղար Միխալիս Քարխիմաքիս, ապա խօսք ուղղեց Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ եւ Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու։
Ժողովի օրակարգերը երեք գլխաւոր թեմաներ ընդգրկեցին.¬
ա¤ Զօրակցութիւն՝ արաբական աշխարհի քաղաքացիներուն ¬ Իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ ազատութիւն բոլորին համար։
բ¤ Խաղաղութեան հաստատում Միջին Արեւելքի մէջ։ Նպատակ՝ պաղեստինեան պետութիւն ¬ ապահով եւ ճանչցուած սահմաններ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար։
գ¤ Ճափոնի աթոմակայանի ¥Ֆուքուշիմա¤ արկածէն քաղուած դասերը եւ Աթոմական ուժանիւթի ապագան։
Առաջին երկու օրակարգերուն վերաբերեալ ներկայացուած ներածականները եւ քննարկումները փաստեցին, թէ «արաբական աշխարհի գարունը» նոր ժամանակա- շրջան մը նշանակեց շարք մը երկիրներու համար, երբ քաղաքացիներու կողմէ որպէս հրամայական պահանջք դրուեցաւ ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ ընկերային հաւասարութեան տիրանալու իրաւունքը։
ԸՄը վերահաստատեց մարդոց հիմնական իրաւունքներու եւ արժէքներու պահպանման իր հաստատ համոզումը, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց անոնց պաշտպանութեան եւ տարածման գործին մէջ։
Երրորդ գլուխի ներածականը ներկայացուց Ճափոնի ընկերվար¬դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Միզուքօ Ֆուքուշիմա, որ իր երկրի համախոհական կա-ռավարութեան մաս կը կազմէ։ Այս կուսակցութիւնը միակն էր, որ նախապէս դէմ կանգնած էր Ֆուքուշիմայի աթոմակայանի կառուցման ծրագրին։
Երեք գլխաւոր օրակարգերէն զատ քննարկուեցաւ ԸՄի հսկայ կառոյցի կազմակերպման նիւթը, ուր դիտել տրուեցաւ թէ հետզհետէ ընդարձակուող կառոյցը այժմէականացման եւ վերակազմակերպման կարիքը ունի։ Այսպէս որոշուեցաւ երեք համանախագահներէ կազմուած խորհուրդ մը յառաջացնել ¥Ֆինլանտա¬Մեքսիքօ¬Մարոքօ¤, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի քննէ եւ առաջարկներ ու կարծիքներ համադրելէ ետք առաջարկ պիտի ներկայացնէ՝ կազմակերպութեան նոր գործելաձեւը յստակացնելու առումով։
Զրոյցներ տեղի ունեցան նաեւ տնտեսական ճգնաժամի ստեղծած իրավիճակին շուրջ, միջազգային գետնի վրայ, եւ յատկապէս Յունաստանի մասին։ Յատուկ տեղ գրաւեց երկիրներու պաշտպանական մեքանիզմի հաստատման պարագան։
Երկօրեայ նիստերու աւարտին ամփոփուեցան արտայայտուած կարծիքները եւ համապատասխան յայտարարութիւններ հրապարակուեցան։
Մասնակցութիւն՝ Ընկերվար Միջազգայնականի Կանանց խորհրդաժողովին
Յունիս 28 եւ 29ին, Լաղոնիսիի Grand Resort պանդոկէն ներս տեղի ունեցաւ Միջազգային Ընկերվարականի Կիներու Խորհուրդի տարուայ երկրորդ հերթական ժողովը՝ «Արաբ կիները եւ ժողովրդավարութեան ուղին» նիւթով: ՀՅԴն ներկայացուց ընկ.հի Ալիս Ապրոյեան:
Բարի գալուստի խօսքը ուղեց ՄԸԿի փոխ ատենապետուհի Անտիղոնի Քարալի Տիմիթրիատիսը եւ Ժողովին յաջողութիւն մաղթելէ ետք յայտարարեց, թէ Յունաստանի վարչապետ եւ ԸՄի ատենապետ՝ Եորղոս Փափանտրէու ներկայ պիտի չկարենայ ըլլալ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ dvdի ճամբով, որ անմիջապէս վերջ ցոյց տրուեցաւ: Փափանտրէու մատնանշեց, թէ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ կինը թիրախ դարձնելը աւելի դիւրին կը թուի: Իր համոզումը յայտնեց, որ ԸՄը ճնշումի տակ գտնուող ժողովուրդներուն եւ կիներուն կողքին է եւ թէ կը պայքարի մարդկային իրաւունքներուն ի նպաստ:
Շարունակելով, Եւրոխորհրդարանի անդամ, ԸՄի փոխ ատենապետուհի եւ ԸՄԿի ատենապետուհի՝ Փիա Լոքաթէլի խօսք առաւ ու ժողովի նիւթին անդրադառնալով ըսաւ, թէ այսօր մեր հայեացքը ուղղած ենք արաբական աշխարհ, սակայն մինչեւ հիմա ընկերվար աշխարհը կոյր էր եւ անոր աչքերը բացուեցան նորաձեւութիւններով հմուտ արաբ երիտասարդներու ջանքերով, որոնք իրենց պատգամը յաջողեցան տարածել ամբողջ աշխարհին: Վերջաւորութեան, ըսաւ, թէ 2011ի Խաղաղութեան Նոպէլ մրցանակին համար, որոշուած է որպէս թեկնածու առաջարկել Ափրիկէի կիները:
Ժողովի կլոր սեղաններուն մասնակցեցան զանազան երկիրներէ եկած կիներ: Եգիպտոսէն Մոնա Մաքրամ Էպէիտ՝ Եգիպտոսի Ամերիկեան համալսարանի, նախկին խորհրդարանական եւ Մարդկային Իրաւունքներու Եգիպտական Կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ, որ խօսեցաւ Թահրիր հրապարակին վրայ ապրած եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած ապրումներուն մասին, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի ներկայ իրավիճակի եւ կիներու իրաւունքներու ապահովման փորձերուն մասին:
Մորիթանիաէն խորհրդարանական եւ Կիներու Ազգային Յանձնաժողովի նախագահ Նանա Մինթ Չէիքնա, որ իր երկիրը ծանօթացուց ներկաներուն եւ համոզումը փոխանցեց թէ Արաբական Գարուն մը Մորիթանիաի մէջ շատ հաւանական կը թուի:
Մարոքէն Ուաֆա Հաժին՝ Ժողովրդային Ուժերու Ընկերվար Միութեան Միջազգային Կապերու Յանձնաժողովի անդամ, որ խօսեցաւ Թիւնիզի շարժման շուրջ, որ աւելի մեղմ է եւ աւելի յառաջդիմական՝ կիներու իրաւունքներու նկատմամբ:
Մեծն Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան խորհրդարանական Հարիէթ Հարման, որ ան-դրադարձաւ խորհրարանական կիներու նախաձեռնութեան մը՝ ՄԱԿ Կիներու խմբակցութեան հիմնումին Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանէն ներս: Ան շեշտեց թէ այս ձեւով աշխարհի կիներուն համար խմբակցութիւն մը կայ խորհրդարանէն ներս:
Քամէրունէն Շանթալ Քամպիուա, ԸՄի փոխ ա-տենապետ, ԸՄԿի փոխ ատենապետ եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Ճակատի անդամ, որ մատնանշեց թէ Ափրիկէի կինն ալ կ’ուզէ ուշադրութեան առարկայ դառնալ եւ ներդրում ունենալ համաշխարհային շարժման մէջ: Ան համոզում յայտնեց թէ Արաբական Գառնան պիտի յաջորդէ Ափրիկեան ամարը:
Յունաստանի Ներքին Գործոց նախարարութեան, սերերու հաւասարութsoեան ընդհանուր քարտուղար Մարիա Սթրաթիղաքին, որ դիտել տուաւ թէ ներկայ ժամանակներու տագնապի առաջին զոհը կիներն են, որովհետեւ անոնցմէ կախեալ են ընտանիքի անդամները, հետեւաբար կիներն են անոնք, որոնք պէտք է ձեւերը գտնան տնտեսական դժուարութիւնները դիմադրելու ընտանիքի մակարդակին վրայ:
Խորհուրդի ժողովին առընթեր տեղի ունեցան նաեւ շրջանային ժողովներ ԸՄԿի աշխարհագրական բաժանումներուն համաձայն: Միջերկրականի Արեւելքի, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴի ներկայացուցիչը:
Վերջաւորութեան ժողովականները քուէարկեցին երեք յուշագրեր՝ Նոպէլ մրցանակին համար Ափրիկեան Կիները թեկնածու նշանակելու արշաւի, Սէու-տական Արաբիոյ մէջ կիներու ինքնաշարժ վարելու արտօնութեան եւ Արաբ կիները եւ ժողովրդա-վարութեան ուղին հարցերու մասին: