Print
Category: Հայ Դատ

Վաղը՝ Յունուար 10ին, օրինագիծը պիտի քննարկուի խորհրդարանի Վերին պալատի յանձնաժողովին մէջ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հաւանութիւն տուած է՝ երկրի խորհրդարանի Ստորին պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծին ընդունման:


Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցումով՝ օրինագիծը խորհրդարանի վերին պալատի յանձնաժողովը պիտի քննարկէ Յունուար 10ին, իսկ պալատի քննարկման պիտի ներկայացուի մինչ Յունուարի վերջ: Անոր ընդունուելու պարագային, պիտի ուղղուի նախագահ Սարքոզիին, որուն ստորագրելէն ետք անիկա օրէնքի ուժ պիտի ստանայ:
Օրէնքին համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը պիտի պատժուի մէկ տարուան ազատազրկումով եւ 45 հազար եւրօ տուգանքով:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մինչեւ Յունուարի վերջը Ծերակոյտի քննարկման պիտի դրուի:      (Նիւթի մասին կարդալ 4-րդ էջ)