Print
Category: Հայ Դատ

24 Ապրիլը պիտի մտնէ քաղաքի յիշարժան տարեթիւերու օրացոյցին մէջ


Պրազիլի Սան Փաուլօ նահանգի Քամփինաս քաղաքի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս տեղեկացուց Պրազիլի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, որ 16 Դեկտեմբերին քաղաքապետ Տ. Վիլակրա ստորագրած է քաղաքային խորհրդարանի  20 Նոյեմբերին ընդունած բանաձեւը՝  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ:


Քաղաքապետի հաստատումէն եւ 19 Դեկտեմբերին «Տիարիօ օ- ֆիսիալ» պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելէն ետք բանաձեւը ստացաւ օրէնքի ուժ, որուն համաձայն՝ 24 Ապրիլը պիտի մտնէ քաղաքի յիշարժան տարեթիւերու օրացոյցին մէջ եւ իւրաքանչիւր տարի պիտի նշուի իբրեւ «1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր»:
Քամփինաս ունի շուրջ 1 միլիոն 200 հազար բնակիչ, Սան Փաուլօ նահանգի արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ գիտամշակութային մեծ կեդրոններէն մէկն է եւ ունի փոքրաթիւ հայկական համայնք: