altԱ­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Նո­յեմ­բեր 8ին կա­յա­ցած ­Քոնկ­րէ­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված թեկ­նա­ծու­նե­րուն 93 տո­կո­սը կրցած է յաղ­թա­կան դուրս գալ։ ­Յանձ­նա­խում­բը միա­ժա­մա­նակ շնոր­հա­ւո­րած է ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի յաղ­թա­նա­կը եւ

դրուա­տած ­Հի­լը­րի Ք­լին­թը­նի մղած ընտ­րա­պայ­քա­րը։

Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան նաեւ դրո­ւա­տած է դաշ­նակ­ցա­յին, նա­հան­գա­յին եւ տե­ղա­կան ընտ­րու­թեանց ա­մե­րի­կա­հա­յե­րուն մրցա­նիշ հաս­տա­տած տո­կո­սով մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ վստա­հեց­նե­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն նո­րըն­տիր գոր­ծա­դիր եւ օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեանց հետ կապ հաս­տա­տե­լով՝ լու­սար­ձա­կի տակ պի­տի առ­նո­ւին ա­մե­րի­կա­հա­յու­թիւ­նը յու­զող շարք մը հար­ցեր։

­Համ­բա­րեան ող­ջու­նեց յատ­կա­պէս յաղ­թա­նա­կը հա­յու­թեան ի­րա­ւանց ջա­տա­գով հե­տե­ւեալ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րուն՝ Ք­րիս ­Վան ­Հո­լը­նի, Էտ ­Ռոյ­սի, Է­տըմ ­Շի­ֆի, Ֆ­րենք ­Փա­լո­նի, ­Տէյ­վիտ ­Վա­լա­տաո­ւի եւ եր­կու հայ թեկ­նա­ծու­նե­րուն՝ ­Ճե­քի Ս­փի­րի եւ Ան­նա Ի­շո­ւի։ Այլ ա­մե­րի­կա­հայ թեկ­նա­ծու մը՝ ­Տե­նի ­Թար­խա­նեան, քո­ւէ­նե­րու 1 տո­կո­սի տար­բե­րու­թեամբ, չկրցաւ ընտ­րո­ւիլ։

­Ծե­րա­կոյ­տի պա­րա­գա­յին, ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված 11 թեկ­նա­ծու­նե­րէն 7ն­ ընտ­րո­ւե­ցաւ, նե­րա­ռեալ՝ ­Չաք ­Շու­մը­րը, որ հա­ւա­նա­բար ստանձ­նէ ­Ծե­րա­կոյ­տին մէջ փոք­րա­մաս­նու­թեան ղե­կա­վա­րի դիր­քը, ո­րով­հե­տեւ նախ­կին ղե­կա­վար ­Հե­րի ­Ռիտ ո­րո­շած է հանգստեան կո­չո­ւիլ։ ­Վե­րընտ­րո­ւե­ցան նաեւ Ար­ցա­խի մէջ ա­կա­նա­զերծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ջա­տա­գով ­Փաթ­րիք ­Լէյ­հին եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւե­րու զօ­րակ­ցող ­Մար­քօ ­Ռու­պիօ ու ­Ճան ­Մըք­Քէյն։

­Ներ­կա­յա­ցու­իչ­նե­րու ­Տան մէջ, ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված 122 թեկ­նա­ծու­նե­րէն միայն 5ը չէ յա­ջո­ղած ընտ­րուիլ։ ­Վե­րո­յի­շեալ­նե­րու կող­քին, նոր ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան մէջ կան ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան զօ­րակ­ցող հե­տե­ւեալ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը.- ­Փօլ ­Ռա­յըն (­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան ներ­կայ խօս­նակ), ­Նի­թա ­Լօո­ւի, Է­տըմ Ս­միթ, Է­լիըթ Էն­կըլ, Ք­րիս Ս­միթ, Պ­րետ ­Շըր­մըն, ­Տա­նա ­Ռոր­պա­քըր, ­Տէյ­վիտ ­Սի­սի­լին, ­Քե­րըն ­Պես, Է­լըն ­Լօուն­թալ, ­Թետ ­Տէօչ, ­Լո­յիս Ֆ­րեն­քըլ, Ալ­պիօ ­Սի­րես, Կ­րէյս ­Մենկ եւ ­Տե­նիըլ ­Տա­նը­վըն։