­altՄիա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հայ­կա­կան հա­մայն­քին աչ­քե­րը բաց են. մենք գի­տենք ինչ­պէս գոր­ծել երկ­րի քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գին մէջ: Այս մա­սին «­Նիուզ»ի թղթա­կի­ցին հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծու ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի յաղ­թա­նա­կին` Ա­րամ ­Համ­բա­րեան նշեց.- «­Մենք դաս քա­ղած ենք, որ նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւի ժա­մա­նակ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի ոչ մէկ թեկ­նա­ծու եւ ոչ մէկ կու­սակ­ցու­թիւն բա­նա­լի է մեր խնդիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար:

­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ մեր յա­ջո­ղու­թեան իս­կա­կան շար­ժիչն ու բա­նա­լին մեր հա­մայն­քի կազ­մա­կեր­պումն ու նե­րուժն է, որ գոր­ծադ­րո­ւած է քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին: ­Մենք պատ­րաստ ենք աշ­խա­տե­լու ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի ու Ս­պի­տակ ­Տան հետ` մեր խնդիր­նե­րուն լուծ­ման հա­մար: ­Բայց մենք նաեւ կը գի­տակ­ցինք, որ ա­մէ­նէն ար­ժէ­քա­ւո­րը մեր ուժն ու կամքն են: ­Մենք պէտք է աշ­խա­տինք քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հետ եւ միայն մենք մեր վրայ յոյս դնենք»:

­Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ Թ­րամ­փի ընտ­րո­ւի­լը ինչ­պէ՛ս պի­տի անդ­րա­դառ­նայ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի ուղ­ղու­թեամբ, Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նը շեշ­տեց.- «­Նախ՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ քա­րո­զար­շա­ւի ժա­մա­նակ չէ խօ­սո­ւած երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին ու խօսք չէ ե­ղած ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մա­սին, երկ­րորդ՝ ինչ­պէս յայտ­նի է, քա­րո­զար­շա­ւը ո­րո­շա­կի տրա­մա­բա­նու­թիւն ու­նի:

Ա­նի­կա կը տար­բե­րի ի­րա­կան կա­ռա­վա­րու­մէն: ­Հի­մա մենք պէտք է տես­նենք փաս­տե­րը, բա­ռե­րը կա­րե­ւոր չեն: ­Մեր աչ­քե­րը բաց են: ­Մենք բազ­միցս տե­սած ենք նոյ­նա­տիպ խնդիր­ներ տար­բեր նա­խա­գահ­նե­րու կա­ռա­վար­ման ժա­մա­նակ` մենք տե­սած ենք ­Ռի­կը­նը, ­Պու­շը, Ք­լին­թը­նը, ­Պուշ կրտսե­րը, Օ­պա­ման:
Մենք գի­տենք, թէ ո­րո՛նք են այդ մար­դիկ, ու մենք ինչ­պէ՛ս պէտք է գոր­ծենք այդ հա­մա­կար­գին մէջ»: