2016ի Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Գէմպրիճի եւ Վանգուվըրի մէջ կայացան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նուիրահաւաքները, որոնց ընթացքին յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան համար հանգանակութեանց ընդհանուր գումարը հասաւ 280 հազար տոլարի։
Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի տարածքին գործող ամէնէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ, Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով, կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր։
1958ի Գանատայի Հ.Յ.Դ. Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը կ՚որոշէր առաջին անգամ ըլլալով կազմել Հայ Դատի յանձնախումբ մը: 1971ին, նոյն ժողովը կ՚որոշէր այս յանձնախումբը վերածել զանազան քաղաքներու մէջ գործող ցանցի։ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի առաքելութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները գանատական քաղաքական բեմին վրայ։