­altՀա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման կողմ ե­ղող ուք­րա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն թի­ւը եր­թա­լով կ­՛ա­ճի:
­Տար­բեր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րէ պատ­գա­մա­ւոր­ներ միա­ցած են պատ­գա­մա­ւոր ­Վի­թա­լի ­Պա­րո­ւի­նեն­քո­յի «հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին» օ­րէնսդ­

րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան: ­Հա­մա­ձայն աղ­բիւ­րին տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան` 2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լի 3ին ար­ձա­նագ­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թեան միա­ցած են «­Վե­րածնունդ» կու­սակ­ցու­թե­նէն պատ­գա­մա­ւոր Տ­միթ­րի ­Սո­ւեա­տաշ, «Ընդ­դի­մա­դիր պլոք»էն` ­Մի­խա­յիլ ­Տոպ­քին եւ Տ­միթ­րի ­Տոպ­քին:

Ա­ւե­լի ա­ռաջ, բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած էին պատ­գա­մա­ւոր­ներ`«Ընդ­դի­մա­դիր պլոք»էն ­Վա­տիմ ­Նո­վինս­քի, «­Վե­րածնունդ» կու­սակ­ցու­թե­նէն` Ա­լեք­սանդր Փ­րես­ման, «­Պեոթր ­Փո­րո­շեն­քո­յի պլոք»էն` ­Դա­ւիթ ­Մա­կա­րեան, «Ազ­գա­յին ­Ճա­կատ»էն` ­Նի­քո­լայ Կ­նեա­ժից­քի, Ի­րի­նա Եւ­րե­մո­վա, Ի­կոր Պ­րի­չեն­քօ, Ա­նա­թո­լի ­Տի­րիւ, ­Կե­նա­դի Կ­րի­ւո­շեան, Ա­լեք­սանդր ­Քիրշ, Ի­կոր ­Քո­տո­ւից­քի, ­Վա­տիմ ­Փիտ­պե­րեզ­նեակ, ­Վա­լե­րի ­Լուն­չեք­նօ:

«Ուք­րա­նիոյ հա­յե­րու միու­թեան» նա­խա­գահ ­Վի­լեն ­Շա­տո­ւո­րեան ընդգ­ծած է.- «­Մենք շնոր­հա­կալ ենք Ուք­րա­նիոյ ժո­ղովր­դա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն` ար­դա­րու­թեան հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լա­լու հա­մար»: 2013 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նիս 6ին Ուք­րա­նիոյ ­Գե­րա­գոյն ­Ռա­տա­յի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած էր 1915 թո­ւա­կա­նին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին գոր­ծո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման նա­խա­գիծ: Օ­րի­նա­գի­ծի նա­խա­ձեռ­նող­ներն էին այն ժա­մա­նակ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Վի­լեն ­Շա­տո­ւո­րեան, Ար­սէն Ա­ւա­քով եւ ­Նո­ւէր Մ­խի­թա­րեան: