Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 երեսփոխաններու ձերբակալութեան մասին հրատապ կոչով մը հանդէս եկած է:
Կառոյցը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ կոչ ուղղած է այդ հարցով անյապաղ դիմելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին:
«Ուշ երեկոյեան Թուրքիոյ կառավարութիւնը գործողութիւններ սկսած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ: Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը իր կողմնակիցներէն կը խնդրէ նամակով դիմել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին` յորդորելով անոր վճռական քայլերու ձեռնարկել Էրտողանի` Թուրքիոյ մնացած վերջին ժողովրդավարական կուսակցութիւնը լռեցնելու ջանքերուն դէմ», ըսուած է կառոյցի յայտարարութեան մեջ:
Հայ դատի յանձնախումբը իր էջին մէջ տեղադրած է նաեւ կուսակցութեան լուսանկարը` «Ազատութիւն` Ժ.Ժ.Կ.ին» (#FreeHDP) գրութեամբ:
Խստագոյնս կը դատապարտենք Էրտողանը.
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին արձագանգը
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը համերաշխութիւն յայտնած է Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան: «Խստագոյնս կը դատապարտենք Էրտողանը եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան համանախագահներ Տեմիրթաշի եւ Եիւքսեքտաղի, ինչպէս նաեւ 9 երեսփոխաններու ապօրինի ձերբակալութեան համար», ըսուած է յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: