Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր կայքին վրայ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ կը մերժէ սատարել Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը, իբրեւ նախընտրական ռազմավարութեան մաս, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ուշադիր կ՛ուսումնասիրէ նախագահի թեկնածուներու անցած ուղին եւ ընթացիկ ընտրապայքարը, որ առանձնայատուկ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ամերիկահայ համայնքին մօտ:
«Երկար ուսումնասիրութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ Հայ Դատի Յանձնախումբը եկած է այն եզրակացութեան, որ ո՛չ Հիլըրի Քլինթըն-Թիմ Քէյն, ո՛չ Տանըլտ Թրամփ-Մայք Փենս թեկնածուները վաստակած են կազմակերպութեան սատարումը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Փոխարէնը, յանձնախումբը կոչ ուղղած է ամերիկահայերուն` մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ աջակցելու կազմակերպութեան սատարած թեկնածուներուն դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 Նոյեմբերին: