Հալէպահայերու օգնութեան հարցը Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի օրակարգին առանցքին է: Այս մասին «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հ.Յ.Դ. Հ.Դ.Ե.Յ.ի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
«Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը սուրիահայերուն աջակցելու հարցի առնչութեամբ քննարկումներ կը կազմակերպէ տարբեր ուղղութիւններով: Կապի մէջ ենք Եւրոպական Միութեան որոշ վարչութիւններու հետ: Քննարկումներ կ՛ունենանք Պելճիքայի խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ»,- ըսած է Պ. Տէմիրճեան:
Ան նշած է, որ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբը նման փորձ ունի: Նախապէս, օրինակ, Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով, օգնութիւն հասցուցած ենք Սուրիոյ եւ Իրաքի հայութեան: Բացի ատկէ, պատուիրակութիւններ ուղարկուած են այդ երկիրներ` տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ կը քննարկուի յառաջիկային եւս Լիբանան եւ Սուրիա պատուիրակութիւն մը ուղարկելու հարցը: Կը նախատեսուի, որ պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուին ներկայացուցիչներ յանձնախումբէն եւ պատգամաւորներ՝ Պելճիքայի խորհրդարանէն:
Սեպտեմբեր 30ի առաւօտեան հրթիռակոծուած են Հալէպի հայաշատ Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ թաղամասերը: Վիլլաներ թաղամասին մէջ հրթիռը ինկած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ գտնուող բնակարաններէն մէկուն վրայ, որուն հետեւանքով հայ բնակիչներ զոհուած ու վիրաւորուած են:
Հ.Հ. նախագահի յանձնարարութեամբ Սուրիա ուղարկուեցաւ մարդասիրական օգնութիւն: Անիկա հասաւ Հալէպ եւ յանձնուեցաւ սուրիահայութեան շտապօգնութեան եւ վերականգնման մարմնին, որ այդ օգնութիւնը պիտի տրամադրէ բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն` անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն: