altԱ.Մ.Ն. ­Քո­լո­րա­տօ նա­հան­գի ­Տէն­վըր քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ ­Մայքլ ­Հեն­քոք 2016 ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած է իբ­րեւ «­Հայ­կա­կան Ան­կա­խու­թեան օր»` հայ­կա­կան եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու` ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի (­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն) հա­մար:

Այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցած են ­Հայ ­Դա­տի Ա.Մ.Ն. յանձ­նա­խում­բէն: ­Հայ ­Դա­տի Ա.Մ.Ն. Արեւմ­տեան ա­փի յանձ­նա­խում­բի ղե­կա­վար Է­լեն Ա­սատ­րեան ող­ջու­նած է ­Տէն­վը­րի քա­ղա­քա­պե­տին ո­րո­շու­մը` ընդգ­ծե­լով, որ Ար­ցա­խի ճա­նա­չու­մով` ան բարձ­րա­ցու­ցած է ի­րա­զե­կու­թիւ­նը մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խնդիր­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ կա­պո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէն 2016 Ապ­րի­լին հա­կա­հայ­կա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հետ:

«Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ­Հեն­քո­քի վար­չա­կազ­մին՝ մար­դու հա­մընդ­հա­նուր ի­րա­ւունք­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լու, ո­րոնց մէջ եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու, ինչ­պէս նաեւ շա­րու­նա­կա­կան պայ­քա­րին հա­մար, որ ուղ­ղո­ւած է պահ­պա­նե­լու քրիս­տո­նէա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ պաշտ­պա­նե­լու ա­զա­տա­տենչ հայ բնակ­չու­թիւ­նը այն բա­նա­կէն, որ կ­՝ոչն­չաց­նէ միջ­նա­դա­րեան յու­շար­ձան­նե­րը եւ կը տան­ջէ քա­ղա­քա­ցի­ներն ու զի­նո­ւոր­նե­րը»,- նշած է Ա­սատ­րեան:

­Տէն­վը­րի քա­ղա­քա­պե­տին ստո­րագ­րած հռչա­կա­գի­րին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է. «­Տէն­վը­րը օր­րանն է հա­զա­րա­ւոր աշ­խա­տա­սէր ու հայ­րե­նա­նո­ւէր հա­յե­րու, ո­րոնք հաս­տա­տո­ւած են տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ: 2016-ին հայ­կա­կան եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րը` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւնն ու Ար­ցա­խը (­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը) կը տօ­նեն ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 25- ա­մեա­կը:

Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը կը շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րը` յա­նուն հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պահ­պան­ման, սե­փա­կան սահ­ման­նե­րը պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն զերծ պա­հե­լուն: ­Տէն­վը­րը կը շնոր­հա­ւո­րէ հայ­կա­կան հա­մայն­քը` սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեան հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու յանձ­նա­ռու­թեան, հայ­րե­նի­քին նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան, չնա­յած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն` ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու մղում­նե­րուն հա­մար»: