Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Կիրակի՝ Հոկտեմբեր 16ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկի ընթացքին, կազմակերպութեան «Ազատութիւն» մրցանակը պիտի շնորհուի Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթակ) ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր՝ «Կանաչներ» կուսակցութեան համա
նախագահ Ճէմ Օզտեմիրի եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Պունտեսթակին։
Նշենք, որ Օզտեմիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի համահեղինակներէն էր։ «1915ի հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» խորագրուած բանաձեւը այս տարուան Յուլիս 2ին վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ (միայն մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ): Յատկանշական էր, որ անոր ի նպաստ քուէարկեցին ազգութեամբ թուրք 11 գերմանացի երեսփոխաններ։
Ճէմ Օզտեմիր, որ 1994ին հանդիսացած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի առաջին թուրք երեսփոխանը, 2004էն 2009ի միջեւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ եղած է եւ հեղինակն է երկու հատորներու։ Ան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն Հայաստան այցելած էր՝ շեշտելով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճամաչման կարեւորութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ վարչապետը, նախագահը եւ խորհրդարանի նախագահը նեցուկ կանգնած են բանաձեւին եւ դէմ դրած են անոր վաւերացումը ձախողութեան մատնելու նպատակով Թուրքիոյ կատարած սպառնալիքներուն։