­­altՓա­նար­մի­նիըն` յղում կա­տա­րե­լով «Էր­մե­նի­հա­պեր» կայ­քին, կը տե­ղե­կաց­նէ, որ թրքա­կան «­­Հա­պեր­լեր» կայ­քը հա­ղոր­դած է, որ ­­Հուն­գա­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բը յա­ռա­ջի­կայ ա­միս պի­տի քննար­կէ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը:

Ըստ տե­ղե­կու­թեան, բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­­Հուն­գա­րիոյ ­­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ, որ 199 ա­թոռ­նե­րէ բաղ­կա­ցած խորհր­դա­րա­նին մէջ ու­նի միայն 5 ե­րես­փո­խան­ներ:

­­Թուր­քիա-­­Հուն­գա­րիա բա­րե­կա­մու­թեան խմբա­կի նա­խա­գահ ­­Թո­մաս ­­Հե­կե­տուս վստա­հու­թիւն յայտ­նած է, որ բա­նա­ձե­ւը քո­ւէար­կու­թեան պի­տի չդրո­ւի: «­­Հուն­գա­րիան հայ­կա­կան հար­ցին նկատ­մամբ ­­Գեր­մա­նիոյ նման պի­տի չի վա­րո­ւի», ը­սած է ան` ա­ւելց­նե­լով. «­­Մեծ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը չեն զօ­րակ­ցիր խորհր­դա­րա­նին մէջ պատ­մա­կան հար­ցեր քննար­կե­լու գա­ղա­փա­րին»