altԱն­տէա­կան ­Միու­թեան խորհր­դա­րա­նը, ո­րուն կազ­մին մէջ կան Ան­տեան լեռ­նաշղ­թան ե­զե­րող ­Պո­լի­վիան, ­Քո­լոմ­պիան, Է­քուա­տո­րը, ­Փե­րուն եւ ­Չի­լին, ­Սեպ­տեմ­բեր 20ին ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ դա­տա­պար­տած է զայն ու­րա­նա­լու փոր­ձե­րը:

«Ա­ժե­նի­սա Փ­րեն­սա Ար­մէ­նիա»ն ­կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Է­քո­ւա­տո­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Փետ­րօ տէ լա Ք­րու­զի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած սոյն բա­նա­ձե­ւը միա­ձայ­նու­թեամբ վա­ւե­րա­ցո­ւած է ­Մոն­թե­վի­տէո­յի մէջ կա­յա­ցած ­Միու­թեան խորհր­դա­րա­նի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին:

­Փաս­տա­թուղ­թը կոչ կ­՛ը­նէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան՝ «ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տը, ան­վե­րա­պա­հօ­րէն սա­տա­րե­լու հա­մար ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան»։