Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի պատասխանատու Ժորժէթա Աւագեան կը յայտնէ, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը շարունակէ ճնշում բանեցնել խորհրդարանի անդամներուն վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով:
«Կ՛ակնկալուի, որ Նոյեմբերին Իսրայէլի խորհրդարանականները հերթական անգամ քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: Քնեսեթի (խորհրդարան) անդամներէն շատերը կը յայտնեն, թէ կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց կառավարութիւնը իրենց վրայ ճնշում կը գործադրէ եւ այդ պատճառով ալ կը վախնան»,- կ՛ըսէ Աւագեան:
«Այսօր ամենամեծ խնդիրը կ՚առաջացնէ Ատրպէյճանը, մանաւանդ որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման շատ սերտ կապեր ունի Պաքուի հետ: Լիպերմանն է, որ մեծապէս կը խոչընդոտէ մեր աշխատանքը:
Եթէ այլ երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով խոչընդոտներ կը դնէ Թուրքիան, ապա հոս Թուրքիա գրեթէ ոչինչ կ՛ընէ, քանի որ իր բարեկամ Ատրպէյճանը արդէն իսկ մեծ ազդեցութիւն ունի»,- կ՛աւելցնէ ան: Միաժամանակ՝ Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը յոյս յայտնած է, որ Իսրայէլի խորհրդարանականները այս անգամ «կը յաջողին ճիշդ ելք գտնել ստեղծուած իրավիճակէն»:
«Կը յուսամ, որ ներկայացուած բանաձեւը գոնէ այս անգամ կը վաւերացուի, քանի որ Իսրայէլի բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ մօտաւորապէս 80 տոկոսը, կ՛ըսէ, թէ ամօթ է, որ Իսրայէլ մինչեւ այսօր չէ ճանչցած եւ դատապարտած Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- կը յայտնէ Աւագեան՝ աւելցնելով, որ երբ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, շատ երկիրներ եւս, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, պիտի հետեւին անոր օրինակին:
Նշենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի յանձնախումբը Օգոստոս 1ին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: