Գերմանիոյ «Դաշինք 90-Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր «Մետիամաքս»ին ըսած է, որ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բեկանման ենթակայ չէ:
«Գրեթէ միաձայն՝ Պունտեսթակը ճանչցած է Հայերու Ցեղասպանութիւնը: Ուստի միայն Գերմանիոյ Պունտեսթակը կրնայ այդ բանաձեւը տնօրինել, քանի որ Պունտեսթակը` որպէս սահմանադրական մարմին, որոշում կայացուցած է այդ բանաձեւին բովանդակութեան եւ կառուցուածքին վերաբերեալ»,- «Մետիամաքս»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ազգութեամբ թուրք գերմանացի խորհրդարանականը:
Ան ընդգծած է, որ «Գերմանիոյ դաշնային կառավարութիւնը կը կիսէ այն տեսակէտները, որոնք ներկայացուած են բանաձեւին մէջ»:
Ճեմ Օզտեմիր շեշտած է, որ բանաձեւի ընդունմամբ գերմանացի խորհրդարանականները նախ եւ առաջ ցանկացած են ընդգծել, որ այսօրուայ Գերմանիան կ՛ընդունի 1915 թուականին տեղի ունեցածին մէջ Գերմանական կայսրութեան մեղքը եւ ձախողումը:
«Երբեք նպատակ չենք հետապնդած ինչ-որ կերպ մեղադրելու Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները:
Մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ եւ քննարկումներ կը կազմակերպուին այս թեմայով: Կարեւոր է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան զարգացնեն լաւ եւ բարի-դրացիական յարաբերութիւններ»,- ըսած է «Դաշինք 90-Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահը: Ճեմ Օզտեմիր «Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 1915 եւ 1916 թուականներուն հայերու ու միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ դատապարտման մասին» բանաձեւին հեղինակն է: Բանաձեւը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած էր 2016 թուականի Յունիս 2ին: