Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 1 Սեպտեմբերին ընդունած է Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան անդամ, երեսփոխան, Պելճիքա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս Վան Հուֆի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ընկերակցութեամբ
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի եւրոպական հարցերուպատասխանատու Հեղինէ էվինեանի:
Հ.Հ. նախագահը կարեւոր նկատած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը միջ-պետական յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ Պելճիքան աւանդաբար կ՛ընկալուի որպէս բարեկամի եւ վստահելի գործընկերոջ, որուն հետ յարաբերութիւնները հիմնուած են պատմական ջերմ կապերու, նոյնանման արժեհամակարգի եւ զարգացման համադրելի տեսլականին վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ պելճիքացի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը նոր խթան կը հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է երեսփոխաններուն այցելութիւնը Արցախ, ուր անոնք տեղւոյն վրայ պիտի ծանօթանան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին էութեան ու աւելի լաւ կերպով պատկերացնեն արցախցիներուն ձգտումները, մտահոգութիւնները, առօրեան եւ անցած աւելի քան երկու տասնամեակի ձեռքբերումները:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պելճիքայի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար՝ նշելով, որ հայ ժողովուրդը շատ բարձր կը գնահատէ այդ քայլը եւ զայն կ՛ընկալէ իբրեւ ցեղասպանութեան դատապարտման ու կանխարգիլման գծով Պելճիքայի վճռական յանձնառութիւնը: Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատած են խորհրդարանական աշխոյժ կապերը եւ յատկապէս բարեկամութեան խումբի գործունէութիւնը՝ Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ու խորացման առումով։
Անկէ ետք պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, որ դիտել տուած է, թէ Ե.Խ.Խ.Վ. նստաշրջանին պելճիքական պատուիրակութիւնը մեծապէս նեցուկ կանգնած է Հայաստանին՝ ատրպէյճանական լոպիականներուն կողմէ Ղարաբաղին վերաբերող միակողմանի եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող բանաձեւերու քուէարկութեան ատեն:
Խորհրդարանի ղեկավարը կարեւոր նկատած է պելճիքացի երեսփոխաններուն Հայաստան, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը։ «Այդ այցերը չէզոքացնում են Արցախի տեղեկատուական մեկուսացուածութիւնը եւ լսելի են դարձնում Արցախի ժողովրդի ձայնը Եւրոպայում, ով պայքարում է իր ազատութեան, արդարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման համար»,- ըսած է Գալուստ Սահակեան: Պելճիքա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս Վան Հուֆ կարեւոր նկատած է այս խումբին գործունէութեան յաւելեալ աշխուժութիւն տալը, խորհրդարանականներուն միջեւ փորձառութեան փոխանակումը:
Կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունումը՝ ան յայտնած է, որ պէտք է դատապարտել ցեղասպանութեան բոլոր ձեւերը՝ բացառելու համար անոնց կրկնութիւնը:
Հուֆ՝ Ղարաբաղեան տագնապին անդրադառնալով՝ կրկնած է Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի խօսքերը, թէ՝ քառօրեայ պատերազմը 1994 թուականէն ետք ամէնէն դաժան ու ծանր զարգացումն էր։
Նոյն օրը Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան պատգամաւորին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստան-Պելճիքա բարեկամական խումբի ղեկավար Շիրակ Թորոսեանի ընկերակցութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Պելճիքայի երեսփոխանները ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած նահատակներուն յիշատակը: Ապա անոնք այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Ցեղասպանութեան մասին պատմող փաստաթուղթերուն եւ ցուցանմոյշներուն։ Այժմ Պելճիքայէն պատուիրակութիւնը կը գտնուի Ստեփանակերտ, Արցախ: